Jump to content

Սանա Ալ Սայէհ

Սանա Ալ Սայէհ
Ծնած է 20-րդ դար
Քաղաքացիութիւն Պաղեստին
Կրօնք Իսլամ
Մասնագիտութիւն ակադեմիկոս
Աշխատավայր Պաղեստինի համալսարան?

Սանա Ալ Սայէհ, Պաղեստինի համալսարանի Գիտութեան եւ արուեստագիտութեան բաժնի ատենապետ: Իբրեւ համալսարանին ներկայացուցիչը հանդէս եկած է տարբեր երկիրներու մէջ:

Դաւանափոխութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգոստոս 2007-ին Ալ-Սայէհի՝ քրիստոնէութենէն իսլամի դաւանափոխութիւնը տարաձայնութիւններ առաջացուց: Ֆաթահի պաշտօնեաները մեղադրած են իրենց քաղաքական մրցակից Համասին՝ ալ-Սայէհին առեւանգելու[1] եւ ստիպելու դաւանափոխուիլ եւ իսլամ ընդունիլ[2]: Համաս հերքած է այդ պնդումը:

Համասի անդամներէն մէկուն տան մէջ հանդիպելով իր մօրը, Ալ-Սայէհը անոր ըսած է. «Այո, Աստուած առաջնորդած է զիս ճիշդ ճանապարհով»: Սակայն մայրը, հետագային պնդած է, որ իր դուստրը ստիպուած եղած է հանդէս գալ այդ յայտարարութեամբ: Ընտանիքին մօտիկ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Ալ-Սայէհը կոչ ըրած է իրենց ըսել, որ ստիպուած եղած է ամուսնանալ համալսարանի իսլամ դասախօսներէն մէկուն հետ[3]:

Ղազա քաղաքի աւագ իսլամ հոգեւոր հովիվ Ալա Աքլուկ յայտնեց, որ հանդիպած է դասախօսին հետ եւ եզրակացուցած, որ Ալ Սայէհը իսլամութիւն ընդունած է ազատ կամքով: Ան հերքած է մեղադրանքները, որ Ալ Սայէհը ստիպուած եղած է կրօնափոխուիլ իսլամ տղամարդու հետ ամուսնութեան պատճառով: Ան պնդած է, որ դասախօսը «կը վախնար» իր ընտանիքին պատմել Ա -Սայէհի կրօնափոխութեան մասին:

Ղազայի Մարդու իրաւունքներու պաղեստինեան կեդրոնի (արաբ․՝ المركــز الفلسطيني لحقــوق الإنســـان‎‎) ակտիվիստ Հանան Մաթարը ըսած է, որ ինքը հանդիպած է Ալ Սայէհի հետ, որ հերքած է, որ դաւանափոխուած է ամուսնութեան պատճառով: Ակտիվիստը Ալ Սայէհի վարքագիծը բնութագրած է որպէս «հաւատացեալ իսլամ կնոջ» վարքագիծ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]