Սահմանադրական Վարժարան
Արտաքին տեսք
Սահմանադրական վարժարանի (որ կը գտնուի Ատանա) հիմնադրութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնն է։ Կը զուգադիպի կայսրութեան մէջ սահմանադրական կարգերու հաստատումին յաջորդող ժամանակաշրջանին, երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները նպատակ դարձուցած էին իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող կրթական հաստատութիւններ ունենալ։ Այս իմաստով ալ անոնք կը փորձեն ազդեցութիւն գործել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող դպրոցներուն վրայ եւ կամ հիմնել նոր վարժարաններ։
Նորաբաց դպրոցին տնօրէն կը նշանակուի Յովհաննէս Խերոյեան (1855-1935)։ Այստեղ կը դասաւանդէ նաեւ Յարութիւն Լաջինեան։ Մէկ տարեշրջան գործելէ ետք, դպրոցը կը փակուի նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով[1]։