Սահակ Ա. Քհնյ. Շահվէքիլեան

Սահակ Ա. Քհնյ. Շահվէքիլեան
Ծնած է 1830
Ծննդավայր Պարսկաստան
Մահացած է 1901
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Երեխաներ 1 տղայ

Սահակ Ա. Քհնյ. Շահվէքիլեան, ծն.՝ 1830, Պարսկաստան - 1901

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սահակ Ա. Քհնյ. Շահվէքիլեան, կեանքի պայմաններու բերումով, երիտասարդ տարիքին, ծնողքին հետ կը լքէ Պարսկաստանը ու կը գաղթէ Հալէպ։

Ան շուտով կը յարմարի նոր քաղաքի պայմաններուն եւ ուսումնական պատրաստութեամբ ու աշխատասիրութեամբ, կեանքի ազատ ասպարէզ կը մտնէ։ Տարիներու խնայութեամբ կը պատրաստուի ամուսնութեան։ Իր կեանքի ընկերը կ'ընտրէ ակնցի Մատաթեաններուն դուստրը, որուն հետ կը պսակուի Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։

1870-ին, երբ Տէր Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս Քէֆսիզեան Բերիոյ Թեմի առաջնորդ կ'ընտրուի, կրօնական ժողովն ու ազգային իշխանութիւնը կ'առաջարկեն, որ Շահվէքիլեան՝ արժանաւոր այս երիտասարդը՝ քահանայ ձեռնադրուի Սուրբ Քառասնից Մանկնաց եկեղեցւոյ։ Նորընտիր առաջնորդը առանց ձգձգելու, ամենակարճ ժամանակամիջոցին կ'որոշէ ձեռնադրել զայն, որպէսզի Հալէպի գաղութն ու եկեղեցին օժտէ երիտասարդ հոգեւորականով։

Տէր Սահակի քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 1870-ին, Սուրբ Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տէր Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս Քէֆսիզեանի, օծակից ունենալով Տէր Մեսրոպ քահանայ Աճէմեանը։

Իր ուսումնական կարողութիւնն ու պատրաստութիւնը եւ ինքնաշխատութեամբ հարստացուցած գիտելիքներն ու ընդհանուր զարգացումը՝ Առաջնորդին ու ազգային իշխանութեան ուշադրութեան առարկան կը դառնան։

1883-ին, այդ օրերու դպրոցներու ուսումնական մակարդակով՝ Հալէպի ազգային վարժարանին ուսուցիչ եւ փոխտեսուչ կը նշանակուի։

1876-ին, Տէր Սահակ անդամ կ'ընտրուի Բերիոյ Թեմի գաւառական ու կրօնական ժողովներու։ Ժամանակ մը ետք, Տէր Պետրոս Վարդապետի օրով, ան կը դառնայ կրօնական ժողովի ատենապետ։ Իսկ աւելի ուշ՝ ազգային իշխանութիւնը իրեն կը վստահի առաջնորդական փոխանորդի դժուարին պաշտօնը, զոր կը վարէ ձեռնհասօրէն, լեզու գտնելով իր գործակից ժողովականներուն հետ։ Ան շրջան մըն ալ կը վարէ Աղքատաց Հոգաբարձութեան նախագահի պաշտօնը։

Տէր Սահակի միակ որդին էր՝ Նիկողոս Շահվէքիլեանը[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 172։