Ռուհի Սու
Ռուհի Սու թրք.՝ Ruhi Su | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1912[1][2] |
Ծննդավայր | Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 20 Սեպտեմբեր 1985[2] |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | երգիչ, Օփերային երգիչ, երգահան, Երգահան, երաժիշտ |
Ռուհի Սու (1912[1][2], Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 20 Սեպտեմբեր 1985[2], Պոլիս, Թուրքիա), հայկական ծագումով երգիչ, երգահաւաք երաժիշտ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Վան։ ՈրբացաԾ Է կորսնցնելով իր բոլոր հարազատները։ Իր յիշողութեան մէջ առաջին տանիքը եղաԾ Է Տաւրոսի լեռներուն վրայ ապրող ալեւի գառնարածի մը համեստ տունը։
Քանի մը տարի անց դիմած է մօտակայ զինուորական դպրոց, որպէսզի իբրեւ գիշերօթիկ սան ընդունին զինք։ Հոն առաջին անգամ իրեն տրուած է Ռուհի անունը, որուն աւելի ետք ինք աւելցուցած է «Սու» մականունը։
Պատանի աշակերտի հոգեկան կառուցուածքը չէր համապատասխաներ զինուորական դպրոցի պարտադրանքներուն։ Արդարեւ ան ամէն ճիգ վատնած է, որպէսզի փոխէ իր յաճախած ուսման հաստատութիւնը եւ ընդունուի երաժշտական ուսուցիչ պատրաստող դպրոց։
Յաջողած եւ վկայուած է այդ դպրոցէն, որմէ ետք յաջողած է նաեւ Անգարայի օփերայի քննութիւններուն։ Ստացած է դասական երաժշտութեան կրթութիւն, բայց իր մէջ միշտ վառ մնալով ժողովրդական երգերու նկատմամբ արտակարգ սէրը։
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան յատուկ ուսումնասիրութիւնով մշակած է ժողովրդական երաժշտութեան անուանի դէմքերու ստեղծագործութիւնները։
Իրարայաջորդ կերպով լոյս տեսան Եունուս Էմրէի, Քէօրօղլուի, Գարաճաօղլանի, Փիր Սուլթան Ապտալի եւ Տատալօղլուի նման հսկաներու գործերէն բաղկացող ձայնապնակներ։ Բացի ամէն մէկը խոր ուսումնասիրութիւններու արդիւնք հանդիսացող այս գործերէն Ռուհի Սու մշակեած է նաեւ տարագրութեան երգերէ բաղկացող ալպոմ մը, պանդուխտ երգերու հաւաքածոյ մը եւ իր բանաստեղծութիւններու յօրինումով ձայնապնակ մը։ Այս վերջին երեք գործերը նաեւ նկարագրականն են եւ մեկնաբանութիւնը Թուրքիոյ պատմական ու ընկերային շատ կարեւոր իրադարձութիւններուն։
Ռուհի Սու արդարացուցած է նաեւ իր երաժշտութեան ուսուցիչի կոչումը հիմնելով յատուկ երգչախումբ մը։ «Տոսթլար» անունով ծանօթ այդ երգչախումբը մինչեւ օրս հաւատարմօրէն կը շարունակէ համերգներով պանծացնել մեծ երգիչի յիշատակը[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #128967447 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ «Մահուան 36-ամեակին յիշատակուեցաւ Ռուհի Սու | Ակօս»։ Agos։ 2021-09-28։ արտագրուած է՝ 2023-07-16