Ռուբէն Շուկարեան

Ռուբէն Շուկարեան
Ծնած է 19 Հոկտեմբեր 1962(1962-10-19)
Ծննդավայր Մոսկուա, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 21 Ապրիլ 2020(2020-04-21)[1] (57 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան
Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն դիւանագէտ
Վարած պաշտօններ ԱՄՆ Հայոց Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ
Ամուսին Լիլիթ, համերգի դաշնակահարուհի
Երեխաներ Նարեկ, Տիգրան եւ Հայկ[2]

Ռուբէն Շուկարեան (19 Հոկտեմբեր 1962(1962-10-19), Մոսկուա, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 21 Ապրիլ 2020(2020-04-21)[1], Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ),«Թաֆթս» համալսարանի դասախօս[3],«Ֆլեթչեր» դպրոցի իրաւաբանութեան եւ դիւանագիտութեան դասախօս,[4]:Ան եղած էր Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար: Դիւանագիտական գործունէութիւնը արժանաւորապէս կատարելու առընթեր, Ռուբէն Շուկարեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանած էր իր յետագայ դասախօսական եւ գիտական-վերլուծական աշխատանքներուն մէջ։

Հայկական դիւանագիտական աշխարհի յայտնի անուններէն դեսպան Ռուբէն Շուկարեան իր մահկանացուն կնքեց՝ 58 տարեկան հասակին։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1980-1985 թուականներուն ան ուսանած էր Երեւանի «Վալերի Պրիւսով» օտար լեզուներու պետական համալսարանէն ներս՝ ռուսաց լեզուի, անգլերէնի, անգլիական, ռուսական եւ ամերիկեան գրականութեան վրայ։
  • 1985-1989 թուականներուն ուսանած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Փիլիսոփայութեան ֆաքիւլթէին մէջ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառէն ներս ստացած էր թեկնածուի աստիճան՝ համաշխարհային պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու գծով։

Ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանին նախագահական աշխատակազմէն ներս զբաղեցուցած էր կարեւոր պաշտօններ։ *1993-1999 թուականներուն Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանը եղած էր։

  • Վերադառնալով Երեւան՝ 1999-2005 թուականներուն եղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար։
  • 2005-2008 թուականներուն համատեղութեան կարգով Հայաստանի դեսպանը եղած էր Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մօտ (նստավայրը՝ Հռոմ)։
  • 2008-ին դիւանագիտական ծառայութենէ ազատուելէ վերջ Ռուբէն Շուկարեան հաստատուած էր ԱՄՆ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]