Jump to content

Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ

(Վերայղուած է Ռաֆֆի Փորթագալ-էն)
Ռաֆֆի Փորթաքալ
Ծնած է 1946
Ծննդավայր Պոլիս
Ազգութիւն Թրքահայ
Ուսումնավայր Վիեննական Մխիթարեան վարժարան, Պոլիս
Մասնագիտութիւն հնաբան

Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ (1946, Պոլիս), անուանի հնագէտ[1], աճուրդախօս։

Ծնած է 1946 թուականին Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասին մէջ. զաւակն էր Արէտ ու Մաննիկ Փորթագալ ամոլին։ Լիսէի ուսումը ստացած է Փանկալթը թաղի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ եւ այդ միջոցին դերեր ստանձնած է Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբին մէջ, նոյնիսկ միջոց մը դառնալով բեմադրիչի օգնական:

1964-ին ընդունուած է Իսթանպուլի համալսարանի հոգեբանութեան բաժինը, բայց նոյն տարին իսկ ձցած՝ համալսարանի ուսումը եւ սկսած աշխատիլ հօրը քով: Բաւական սիրած է այս աշխատանքը եւ 1973 թուականին Նշանթաշի Միմ Քեմալ Էօքէ պողոտային վրայ բացած է իր առաջին դիտասրահը, որ իր գոյութիւնը կը շարունակէ մինչեւ այսօր:

1974-ին ամուսնացած է Զիւհալ Փորթագալի (ծնեալ՝ Ավունսուք) հետ: 1981-ին Զիւհալ եւ Րաֆֆի բախտաւորուեցան դուստրով մը, զոր անուանեցին Մայա:

Րաֆֆի Փորթաքալ, բացի աճուրդախօսութենէ, կը կատարէ նաեւ խորհդատուութիւն՝ ուղղեալ թանգարաններու, հաւաքորդներու եւլն.: Ան եղած է մեծահարուստ գործարար Սաքըփ Սապանճըի յատուկ հաւաքածոյին խորհրդատուն: Հայթայթած է Սաքըփ Սապանճըի օսմանեան գեղագրութեան եւ գծագրութեան հաւաքածոն: 1998-ին այս հաւաքածոյին ամէնայատուկ նմոյշները ցուցադրուած են Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթան», Փարիզի «Լուվր», Լոս Անճելըսի ԼԱՔՄԱ, Հարվըրտի համալսարանի «Արթիւր Մ․ Սաքլըր», Պերլինի «Տէօյչէ Կուկենհայմ» թանգարաններուն մէջ՝ «Ոսկեայ տառեր» անունով:

Րաֆֆի Փորթաքալ, հիմնադիրներէն մէկն է Պոլսոյ «Սաքըփ Սապանճը» թանգարանին:

Ան է որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ սկսած է աճուրդներու ժամանակ գրքոյկ հրատարակելու սովորոյթը։ «Փորթագալ» հաստատութիւնը, Րաֆֆի Փորթագալի առաջնորդութեամբ, 1996-էն մինչեւ 2010 երեք ամիսը անգամ մը սկսած է հրատարակել «P» համաշխարհային արուեստի հանդէսը:

Աւելի քան 100-ամեայ անցեալի մը տէր, «Փորթագալ» ընտանեկան հաստատութեան սեփականատէրն է։ Հաստատութեան 100-ամեակին առթիւ յայտնի գրող Էնիս Պաթուր հրատարակած է հատոր մը՝ Փորթագալի հետ կատարած հարցազրոյցին հիման վրայ պատկերելով Օսմանեան կայսրութեան անկման ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման շրջանի մէկ պատկերը՝ արուեստներու, արհեստներու, դրամագլուխի ձեռք փոխելու նիւթերուն վերաբերեալ։

«Փորթագալ» հաստատութիւնը Թուրքիոյ մէջ արուեստի բնագաւառին մէջ ունի հեղինակաւոր անուն մը։ Կազմակերպած է ո՛չ միայն թուրք արուեստագէտներու, այլ նաեւ համաշխարհային արուեստի մեծերու, ինչպէս՝ Փիքասսոյի, Տալիի, գործերուն աճուրդները։ Ան իր հաստատութիւնը այժմ փոխանցած է իր դստեր՝ Մայա Փորթագալին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-07-12