Ռամլայի ճակատամարտ, ռազմական ընդհարում Երուսաղէմի թագաւորութեան խաչակիրներու եւ Եգիպտոսի մէջ իշխող ֆաթիմեան դինաստիայի միջեւ 7 Սեպտեմբեր 1101-ին։ Ռամլա քաղաքը Երուսաղէմէն Ասկալոն տանող ճամբուն վրայ կը գտնուի։ Ասկալոնը յետագային Պաղեստինի ամէնամեծ ֆաթիմեան ամրոցներէն մէկը դարձաւ։ 1099-1107 թուականներուն ֆաթիմեան վեզիր հայազգի ալ-Աֆտալը Ասկալոնէն իր յարձակումները կ'իրականացնէր նորաստեղծ խաչակրաց թագաւորութեան վրայ։ Երկու զօրքերը Ռամլայի մէջ երեք անգամ կը հանդիպին 1101, 1102 եւ 1105 թուականներուն։
Ճակատամարտի ընթացքի եգիպտացիներու հրամանատարը Սաադ Ալ-Տաուլան էր, իսկ խաչակիրներունը՝ Պալդուին I-ը, որուն զօրքը ընդամէնը 260 հեծեալէ եւ 900 հետեւակէ կազմուած էր։ Ան իր զօրքը 6 մասի բաժնեց եւ ընդդէմ եգիպտական տասը հազարնոց զօրքին ուղղեց։ Յանկարծակի յարձակումէն վախցած, եգիպտական զօրքը շատ արագ նահանջեց։ Խաչակիրները փախուստի դիմած ֆաթիմեաններուն հետեւեցան մինչեւ Ասկալոն, որմէ ետք Պալդուինը վերադարձաւ Ռամլա՝ թալանելու եգիպտական ճամբարը։ Այս յաղթանակը Երուսաղէմի թագաւորութեան խաղաղութիւնը ապահովեց ընթացիկ տարուայ ընթացքին։
- Dupuy, R. E. and T. N. Dupuy, eds. The Encyclopedia of Military History. New York: Harper & Row, 1977. ISBN 0-06-011139-9
- Smail, R. C. Crusading Warfare, 1097–1193. New York: Barnes & Noble Books, 1995 [1956]. ISBN 1-56619-769-4