Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
«Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ», Յակոբ Պարոնեանի գլխաւոր արձակ ստեղծագործութիւններէն մէկն է, որ կը ներկայացնէ Պոլսահայերու կեանքն ու կենցաղը 19-րդ դարու կէսերուն, Սթանպուլի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ։ Կը բաղկանայ 34 գլուխէ, որոնք ե՛ւ ռէալիստ, ե՛ւ երգիծական ձեւով ցոյց կըւ տան այն ժամանակուան եւ այնտեղի հայուն ամէնօրեայ դէպքերը, հետաքրքութիւնները, վէճերը, կեղծաւորութիւններն ու մանաւանդ անտրամաբանական մտածելակերպը։
Գիրքը կ'ընդգրկէ հետեւեալ գլուխերը՝
Միջագիւղ, Գում-Գաբու, Գասըմ փաշա, Պէշիկթաշ, Քարակէօմրիւք եւ Սալամաթոմրուք, Էյուպ, Գատը Գիւղ, Րումելի Հիսար, Սելամսըզ, Թոփ Գաբու, Կէտիկ Փաշա, Սկիւտար Ենի Մահալէ, Բերա, Պալատ, Իճատիէ, Սամաթիա, Քուզկոնճուք, Արտաքին Գում-Գաբու, Խաս Գիւղ, Գընալը Կղզի, Պօյաճի Գիւղ, Ղալաթիա, Գուրու Չիշմէ, Էյուպ Սուրբ Աստուածածին, Պէօյուք Տէրէ, Ենի Գաբու, Քարթալ, Գանտիլլի, Ենի Մահալէ Սամաթիոյ, Նարլը Գաբու, Պէյքոզ, Մաքրի Գիւղ, Ֆերի Գիւղ, եւ Ենի Գիւղ։
Միջագիւղ
- «Իսկ ինծի համար հոն մտնելու ամէնէն ապահով ճամբան հոն բնաւ չմտնելն է»։
- «Շատերը կը զարմանան թէ ասանկ հարուստ թաղի մը վարժարանն ինչո՞ւ աղքատ մնայ։ Ես չեմ զարմանար։ Վարժարանն անոր համար աղքատ է, որովհետեւ թաղին մեջ հարուստներ կան»։
- «Պարոն Շաղեան, որ Հայաստանի մեջ սովի պատճառած աղէտներուն վրայ ժողովրդեան գութը շարժելու եւ անկէ նուէր հաւաքելու նպատակաւ նամակներ կը հրատարակէ լրագիրներու մեջ, հասարակութեան անհասկնալի լեզուով կը խմբագրէ իւր սաւառնաթեւ նամակները, որպէսզի մեր ազգայիններն իրենց եղբայրներուն տառապանքներն իմանալով չտխրին ու չլան։ Այս տեսակով պարոն ատենադպիրն ազատ էր լատիներէն ալ խօսիլ ժողովրդեան...»։
- «Ներքին բերքն է ելակ, եւ բամբասանք։ Ելակն ամէն տարի առատ չըլլար. իսկ բամբասանքն վախ չունի, ամէն տարի առատ հունձք կու տայ։ Շատ տեղերէն հոս կուգան՝ այս ապրանքէն գնելու համար։ Արտաքին բերքն է գողեր եւ ծովեզերքին վրայ շուներու դիակներ»։
Քարակէօմրիւք եւ Սալամաթոմրուք
- «Շուտ ըրէ՛, բարեկամ, բարեկամներուդ «ես քեզ մեղայ» ըսէ, գնա՛՝ խոստովանանք եղիր, հաղորդուէ՝, ու ծնողներուդ վերջին ողջոյնդ տուր. եթէ ողջ առողջ դառնանք՝ բան մը կորսնցուցած չենք ըլլար, իսկ եթէ մեռնինք՝ չենք տանջուիր թէ ինչու չկատարեցինք մեր քրիստոնէական, ընտանեկան եւ բարեկամական պարտաւորութիւնները...բարեկամներու մնաք բարով չըսած մեռնիլը մեծ անքաղաքավարութիւն է։ Թերեւս հարցունես ինձ, թէ ինչ հարկ կայ այս պատրաստութիւններն ընելու, պատերա՞զմ պիտի երթանք. ո'չ, բարեկամ, պատերազմ չպիտի երթանք, այլ Խաս-Գյուղ բնակող շոգենաւներէն մէկուն մէջ պիտի մտնենք»։
Արդի ժամանակներուն, քանի մը հրատարակութիւններ լոյս տեսած են, ինչպէս՝