Պըլը Պուղի

Պըլը Պուղի
Ծնած է 1 Ապրիլ 1731(1731-04-01)
Ծննդավայր Աւետարանոց
Մահացած է 1 Դեկտեմբեր 1810(1810-12-01) (79 տարեկանին)
Մահուան վայր Շոշ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն
Մասնագիտութիւն ծաղրածու

Պըլը Պուղի (Պօղոս, 1 Ապրիլ 1731(1731-04-01), Աւետարանոց - 1 Դեկտեմբեր 1810(1810-12-01), Շոշ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն), հայ զուարճախօս, առակախօս[1]։ Վարանդայի Մելիք Շահնազարի պալատական ծաղրածուն։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Վարանդայի Շոշ գիւղը։ Իսկական անունը Պօղոս եղած է, բայց ժողովուրդի շրջանին մէջ յայտնի եղած է իբրեւ Պըլը Պուղի՝ իր սրամտութեան, զուարճախօսութեան համար («պէլ» կը նշանակէ խենթ)։

Պըլը Պուղի մեծ հեղինակութիւն  ունեցած է արցախցիներուն մօտ, եւ անոր անունը հասած էր նաեւ Վարանդայի դաւաճան տիրակալ Մելիք Շահնազարին։ Վերջինը սրամիտ Պըլը Պուղին հրաւիրած է ապրելու իր մօտ։  Զուարճախօսը համարձակօրէն քննադատած ու ծաղրած է նաեւ Մելիքին սխալ որոշումները: Ահա թէ ինչու ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ Պըլը Պուղիի կատակները կապուած են, գլխաւորաբար, Մելիք Շահնազարին հետ։

Պըլը Պուղիի անունով բազմաթիւ նիւթեր պահպանուած են ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ եւ այլուր[2]։

Պըլը Պուղիի յուշաքարը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշաքարը կը գտնուի Շոշ եւ Մխիթարաշէն գիւղերուն միջեւ տեղակայուած քարանձաւին մէջ: Այն կառուցուած է 1976 թուականին:

Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցին մէջ գտնուող այս յուշաքարը վառ կը պահէ եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ Պըլը Պուղիի յիշատակը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Պըլը Պուղի»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-10-20-ին։ արտագրուած է՝ 2023-03-24 
  2. Armenia Western (2023-03-16)։ «Արցախի մանրատեղանուններ․ Պըլը Պուղիի յուշաքար»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ արտագրուած է՝ 2023-03-24