Jump to content

Պէյրութի Պայթումներ (2015)

Պէյրութի Պայթումներ
Տեսակ մահապարտ ահաբեկիչ? և ահաբեկչական հարձակում պայթյունով?
Երկիր  Լիբանան
Տեղադրանք Բուրջ ալ-Բարաջնե?
Տարի 12 Նոյեմբեր 2015
Զոհեր 43
Վիրաւորներ 240
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.

Պէյրութի պայթումներ (2015), 12 Նոյեմբեր2015-ին, երկու մահապարտ պայթումներ իրականացուցին Պէյրութի հարաւային արուարձան Պուրժ Էլ-Պարաժնէի մէջ, որ բնակեցուած է շիա մահմետականներով եւ կառավարուած է Հըզպալլահի կողմէ[1]։ Համաձայն տարբեր աղբիւրներու՝ զոհերու թիւը կը տատանի 37-էն[2] 43-ի[1][3][4] միջեւ: Իրաքի եւ Լեւանթի իսլամական պետութիւնը (ԻԼԻՊ) ստանձնած է պայթումներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը[1][3]։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2011 թուականին Սուրիոյ դրացի պետութիւնները կը գտնուէին քաղաքացիական պատերազմի մէջ։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկսելէն առաջ, լիբանանեան խումբերը, ինչպէս Սուրիոյ մէջ բաժնուած են երկու մասի՝ Սուրիոյ պատերազմի մասնակիցներ (օրինակ՝ Հըզպալլահը) եւ Լիբանանի ներքին պաշտպանութեամբ զբաղուող խումբը։ 2014 թուականին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին միջամտեց ԱՄՆ-ն, իսկ յաջորդ տարի՝ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը։

Բացի այդ Լիբանանի մէջ քաղաքական շարժում կար Ապրիլ 2014-ին, քանի որ նախագահի ընտրութիւնը անընդհատ կը ձախողէր[5]:

Ըստ Ալ-Մանար հեռուստաընկերութեան տուեալներուն, Պէյրութի Պուրժ էլ Պարաժնէ արուարձանին մէջ երկու պայթիւն տեղի ունեցած է՝ Հուսէինի փողոցին վրայ գտնուող անվտանգութեան գլխաւոր գրասենեակին մօտ[6]։ Արուարձանը բնակեցուածէ շիա մահմետականներով եւ կը կառավարուի Հըզպալլահի կողմէ[7]։ Առաջին պայթիւնը տեղի ունեցած է շիաներու մզկիթէն դուրս, իսկ միւսը՝ մօտիկ հացատան, մինչեւ ժամը 18։00-ն[8]։ Երկրորդ պայթումը տեղի ունեցած է առաջինէն 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ, 5[6]-7 վայրկեան ետք։ Երրորդ մահապարտը սպաննուած է մինչեւ պայթումը։ Ըստ Լիբանանի անվտանգութեան ծառայութեան՝ անոր ոտքերը կտրուած էին, բայց դեռ կը կրէր պայթուցիկներու գօտին։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ նուազագոյնը 43 մարդ մահացած է եւ 239-ը վիրաւորուած է[9], բայց այս տուեալները կը փոխուին, քանի որ վիրաւորներուն մեծ մասը վատ վիճակի մէջ էին։ Ըստ Լիբանանի Կարմիր Խաչի տուեալներուն՝ վիրաւորներուն թիւը 200-էն աւելի է[8]: Շրջանի հիւանդանոցները կոչ ուղղեցին հանրութեան արիւն տալ։ Շտապ օգնութեան ծառայութեան աշխատակիցները կը խնդրէին երթեւեկի դիւրութիւն ստեղծել, որպէսզի կարենան արագ տեղափոխել վիրաւորները բժշկական հաստատութիւններ[8]։

Առաջին զոհերուն մէջ էին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի երկու աշխատողներ[5], երեք լիբանանաամերիկացիներ Տիրպորն, Միշիկընէն՝ 49 տարեկան կին եւ երիտասարդ զոյգեր, որոնք զոհուած էին, անոնց երեք տարեկան երեխան ծանր վնասուած էր[10]։

Հաճ Հուսէյն Եարին, որ Հըզպալլահի անվտանգութեան համակարգի գլխաւորներէն էր, սպաննուած էր պայթումին պատճառով[11]։

Յայտնի է, որ ռումբերէն մէկը պայթած է, երբ Պէյրութի բնակիչ Ատըլ Թերմոսը գրկած է մահապարտներէն մէկը, որուն հետ փրկած է շատերուն կեանքը[12]։

Երկու օրուայ ընթացքին պայթումներուն կազմակերպման մեղադրանքով ձերբակալուած է վեց մարդ, որոնցմէ 5-ը սուրիացի են, մէկը՝ պաղեստինցի[13]։ Լիբանանի Հըզպալլահի գլխաւոր ղեկավար Հասան Նասրալլան ըսած է, որ պայթումները կազմակերպելու մեղադրանքով ձերբակալուած են լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ[14]։

ԻԼԻՊ-ը վերցուցած է պայթումներու կազմակերպման պատասխանատուութիւնը[1][3]։ ԻԼԻՊ-ը իր Թուիթըրի գրառման մէջ ըսած է՝ «Թող շիաները գիտնան, որ մենք չենք հանգստանար, մինչեւ Մուհամմատի անունով վրէժ չլուծենք»[5]։ Համացանցի վրայ նշուած է նաեւ, որ յարձակողները «Խալիֆայութեան զինուորներն են»[15]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]