Պէթ Էլ Պայէ
Պէթ Էլ Պայէ, Հիւսիսային լեռնալիբանանի մէջ հայկական գիւղ մը, որ կը թարգմանուի «Վաճառականին տունը»:
Շուրջ 200 տարի առաջ Հաննա Ղատատիէ անունով հալէպցի հայ մը կը փախչի եւ Լիբանան կը հաստատուի։ Զմմառի վանքը, աւելը ճիշդը՝ Անտոնեան միաբանութիւնը, զայն կը ղրկէ Զղարթա՝ իր կալուածները հսկելու համար։
Հոն Ղատատիէ կը զբաղի նաեւ՝ փերեզակութեամբ, որմէ յառաջ կու գայ գիւղին այժմու անունը՝ Պէյթ էլ Պայէ:
Ղատատիէ կ'ամուսնանայ եւ ժամանակի ընթացքին իր գերդաստանը կը բազմանայ, եւ այժմ Պէթ էլ Պայէ 200 հոգինոց զուտ հայկական արաբախօս գիւղ մըն է։
Ղատատիէի գերդաստանը կը կոչուի Պայեան։ Այս գերդաստանէն յառաջ կու գան չորս կաթոլիկ քահանաներ. Ռաֆայէլ՝ կը մեռնի Մերսին, Սիմոն՝ 1915-ի տեղահանութեան կը նահատակուի, Օհաննէս՝ կը մեռնի Զղարթա, իսկ երիտասարդ Ռաֆայէլ Պայեան՝ ժամանակին կը գտնուէր Պէյրութ։
Պայեան գերդաստանի բոլոր անդամներն ալ քաջ եւ յաղթանդամ են, հայոց հին լեռնականները յիշեցնող տիպարներ[1]։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 341։