Պետրոս Պալթազարեան
Պետրոս Պալթազարեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 10 Մարտ 1866 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 9 Յունուար 1953 (86 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | դերասան |
Պետրոս Պալթազարեան (10 Մարտ 1866, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Յունուար 1953, Պոլիս, Թուրքիա), հայ դերասան։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալթազարեան ծնած է Սամրաթորմուք (Պոլիս, որ բաւական հայաշատ գիւղ մը եղած է։ 6 տարեկանին կը յաճախէ թաղին ազգային վարժարանը, սակայն դպրոցը աւարտելէ առաջ կը վտարուի, իբրեւ անառակ, անուղղայ։ Արհեստ սորվելու համար հայ ոսկերիչի մը աշկերտը կ՛ըլլայ։ Ապա, կ՛ունենայ նոր վարպետներ եւ վեց տարի կը հետեւի ոսկերչութեան։
Տասնութ տարեկանի, իր ծննդավայր գիւղին մէջ, կը հիմնէ հայկական բարեսիրաց ընկերութիւնը, որ կ՛ունենայ տասնամեայ գործունէութիւն։
Միշտ բեմով յափշտակուած ըլլալուն պատճառով, մինչեւ 24 տարեկան, կը փորձէ արհեստի մը տիրանալ, սայկայն չի յաջողիր։
Ան միշտ կախարդուած էր Պետրոս Ադամեանի արուեստով։ 1888-ին ներկայգտնուելով Ադամեանի ներկայցումներուն, վճռապէս, կ՛որոշէ նուիրուիլ բեմին։ Միեւնոյն շրջանին կը դիմէ Ադամեանին, սակայն, իր խնդրանքը կը ձգձգուի։
1889-ին, Պետրոս Մաղաքեանի կողմէ՝ Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ տրուած կոչին ի պատասխան, Պալթազարեան կը ներկայանայ Մաղաքեանի աշխատանոցը։ Հաւնելով դերասանին ձայնը, առոգանութիւնն ու արատասանութեան ձեւը, զինք կը յանձնէ պատասխանատու դեր մը։ Այսպիսով, անոր կեանքին մէջ կը բացուի նոր ճանապարհ։ 1989-ի Նոյեմբերին կը բեմադրուի թատերախաղը։
Պալթազար կ՛ընկերանայ Մաղաքեանի կազմած խումբին, որ չորսամեայ գործունէութենէ ետք կը մեկնի Ֆիլիպէ։ Կը պատրաստեն թրքերէն ներկայացումներ, սակայն կ՛ունենան անյաջող աւարտ․ ուստի ան կը վերադառնայ հայրենի տուն՝ մէկ տարի լքելով բեմը։
1890-1891-ի թատերաշրջանը կ՛անցնէ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի խումբին հետ։ Խումբով յաջորդաբար կը մեկնին թէքիրտաղ, Սելանիկ եւ Սկիւպ։
Ապա, Պոլիս կը վերադառնայ ու կը մտնէ Մնակեան թատերախումբը։ Այնտեղ կը մնայ քանի մը շրջան ու կը ստանձնէ տրամաթիկ բաւական կարեւոր դերեր։
Երանոս Չափրաստի եւ Գոհարիկ Շիրինեանի հետ, գլխաւոր սիւներէն մէկը կ՛ըլլայ Ռէշատ Ռըտվանի կազմած ֆրանսական նոր կատակերգութիւններու խումբին մէջ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, 1965 Անթիլիաս, էջ 903-930։