Պենի Սուէյֆ (արաբերէն՝ بني سويف), քաղաք՝ Եգիպտոսի մէջ,որ Պենի Սուէյֆ նահանգի վարչական կեդրոնն է։ Պենի Սուէյֆը գիւղատնտեսական խոշոր կեդրոն է։ Միջնադարէն սկսեալ,ան յայտնի է բամպակի վերամշակմամբ եւ գորգագործութեամբ։ Մօտակայ բլուրներէն կ՛արտահանուի ալեպասթր։ Ան կը գտնուի Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէէն 115 ք.մ. դէպի հարաւ։ Քաղաքէն ոչ շատ հեռու կը գտնուին՝ Մետումի բուրգը եւ Ֆայյումի ովասիսը։ Պենի Սուէյֆի մէջ կը գտնուի նոյնանուն համալսարանը եւ «Ալ-Նահտա» մասնաւոր համալսարանը։