Պարպի Պուպրիկը
Պարպի Պուպրիկը | |
---|---|
| |
Կայքէջ | shop.mattel.com/p…(անգլերէն) |
Պարպի Պուպրիկը, Մանկական խաղալիք, ստեղծուած՝ 9 Մարտ 1959-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ[1]: Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան` «Մաթել»ի հիմնադիրներէն մէկուն կինը[2]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1950-ական թուականներուն ամերիկացի գործատէր Ռութ Հանտլըր կ'անդրադառնայ, որ իր 10 տարեկան աղջիկը իր պարզ խաղալիքները կը ձգէ եւ կը խաղայ չափահասներ ներկայացնող թուղթէ կերպարներու հետ: Հետեւաբար Ռութ կը մտածէ հնարել անոր տարիքին աւելի յարմար կիներու նմանող պուպրիկներ[3]:
Ռութը անմիջապէս շինել կու տայ դեղին մազերով, երկար ոտքերով եւ նեղ մէջքով «մանըքեն» պուպրիկ մը: Ան պուպրիկը կը կոչէ Պարպի, իր աղջկան անուան` Պարպարայի կրճատումը: Աւելի ուշ՝ ան կը ստեղծէ անոր ընկերը` Քենը, իր տղուն` Քենեթին կրճատումը:
Այս պուպրիկները շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնեն. անոնց ստեղծումէն ի վեր աւելի քան մէկ միլիառ օրինակներ ծախուած են աշխարհի շուրջ:
Պարպին ժամանակի ընթացքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարպի ունեցած է աւելի քան 150 արհեստի տեսակներ, որոնք քայլ պահած են ընկերութեան մէջ կնոջ յառաջդիմութեան հետ:
Ան եղած է նորաձեւութեան աստղ, օդանաւի մէջ աշխատող հիւրընկալ անձնակազմի անդամ, աստղանաւորդ, մրցումի ինքնաշարժի վարորդ, անասնաբուժ, ոստիկանուհի, համակարգիչի մասնագէտ, նոյնիսկ` նախագահութեան թեկնածու:
Քննադատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարպիին դէմ քննադատութիւնները ուղղուած էին յատկապէս իր կերպարանքին դէմ, որ իրականութենէն շատ տարբեր էր: Անոր մէջքը շատ բարակ էր, ոտքերը անբնականօրէն երկար եւ կոնքը շատ նեղ:
Արդի Պարպին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2016-ի սկիզբը «Մաթել» ընկերութիւնը կ՛որոշէ շուկայ իջեցնել Պարպիի նոր հաւաքածոյ մը, որուն պուպրիկները աւելի կը նմանին իսկական կիներու` հասակաւոր, կարճ, քիչ մը լեցուն, եւ այլն: Այս պուպրիկները աւելի ճշգրիտ պատկեր մը կու տան աշխարհի մէջ կնոջ գեղեցկութեան, որուն մէջ իւրաքանչիւր փոքրիկ աղջիկ պէտք է կարենայ ինքզինք գտնել: Այս ձեւով է, որ տարիներու ընթացքին Պարպի պուպրիկը աստղ մը դարձած է, ի պատիւ անոր` նոյնիսկ թանգարաններ անոր մասին ցուցադրութիւններ կը կազմակերպեն:
Պարպի պուպրիկը մարդամեքենայի կերպարով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մաթել» ընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ պուպրիկներու նոր շարք մը ներկայացուցած է մարդամեքենայի մասնագէտներու կերպարով: Այս մէկը եղած է, որպէսզի աղջիկներու մօտ ծրագրաւորման եւ բարձր արհեստագիտութիւններու մարզի մասնագիտութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջանայ:
Նոր պարպին «ճինզ» տաբատ հագած է, աչքերուն դրած է յատուկ պաշտպանական ակնոց` սարքաւորումներու հետ աշխատելու համար: Պուպրիկին ձեռքին կայ փոքր նոթպուք մը, անոր հետ դրուած է մարդամեքենային մանրակերտը: Խաղալիքին հետ գնողը երեխաներու համար ծրագրաւորման վեց դաս կը ստանայ «Թիքըր» յաւելուածին մէջ: Անոնց ընթացքին մասնաւորապէս պիտի բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս մարդամեքենայ պէտք է կառուցել, եւ թէ ինչպէ՛ս անոր պարել պէտք է սորվեցնել: Ընկերութեան ներկայացուցիչները արձանագրած են, որ 2017-ին, ըստ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան տեղեկութիւններուն, գիտութեան, արհեստագիտութեան, թեքնիքի եւ ուսողութեան վերաբերող թափուր աթոռներուն միայն 24 առ հարիւրը գրաւած են կիները[4]: