Մարդ-մեքենայ

Մարդ-մեքենան (robot) ինքնագործ սարք մըն է, որ կրնայ մարդը փոխարինել կարգ մը աշխատանքներու պարագային։ Ընդհանրապէս, կը կառավարուի համակարգիչի մը կողմէ։ Յաճախ կը բաղկանայ մարդկային թեւերուն նման աշխատող թեւերէ։ Կը գործածուի մասնաւորաբար մեծ քանակութեամբ ապրանք արտադրող գործարաններու մէջ։

Մարդ-մեքենաները կը նմանին մարդկային թեւերու։ Անոնք արմուկին եւ դաստակին նման յօդեր ունին։ Անոնց թեւը փոխան մատներու՝ ունելիով մը կը վերջանայ։ Համակարգիչի մը կողմէ կառավարուելով՝ այդ ունելին կրնայ առարկաներ բռնել, վերցնել կամ գործիքներ բանեցնել։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 26