Պատմողական սեռ

Պատմողական սեռ, արձակի նոր նուաճումներէն գլխաւորը այն է, որ պատմողականը կը հարստանայ ներքին եզրով՝ հոգեբանական խորութեամբ։ Զ․ Եսայեանի գործը հաւանօրէն յարակագոյն օրինակները կու տայ մեզի այս տիպի հարստացման։ «Նկարագիր մը» խորագրեալ առաջին հատուածը կը նկարէ գրագիտուհիին Երանիկ մօրաքրոջ հոգեբանական կերպարը՝ հարուստ երկուութիւններով, դրուած՝ անցեալ ու ներկայ բարքերու եւ իր մանկութեան վայրերուն խորքին վրայ։ «Հոգիներու Աքսորը» կը խորացնէ դէպի վերլուծում անիկա երկու արուեստագէտ կիներու հանդիպումը կը դարանէ առիթ՝ կարդալու ճակատագիրը փոքրամասնական համայնքի մը՝ Պոլսոյ հայութեան, անոր մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն ընդմէջէն։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 119: