Պատի մագլցում Ողիմպիական 2024-ին
Պատի մագլցումը մուտք կը կատարէ Թոքիոյի խաղերուն:
Այս մրցումը բաղկացած է 3 բաժիններէ, պոլտըրինկ (արգելքներով մագլցիլ), արագ մագլցիլ, առաջնահերթ մագլցիլ:
Արգելքներով մագլցելու պարագային, մարզիկները պէտք է փոքրիկ արգելքներով օժտուած 4,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող պատերը մագլցին` առանց պարանի, ժամանակին դէմ մրցելով, ամէնէն նուազ ձախող փորձերով հասնելու գագաթին: Արագութեան մրցումին պարագային, մարզիկները պէտք է պատը մագլցին շատ արագ եւ ճշգրիտ ձեւով: Եւ վերջապէս, առաջնահերթ մագլցելու մրցումին մարզիկները միայն 6 վայրկեան ունին հասնելու 15 մեթր բարձրութեամբ պատի մը ամէնէն բարձր կէտը: Սակայն ասիկա կրնայ մեծ մարտահրաւէր մը ըլլալ, որովհետեւ մարզիկները սկիզբէն ծանօթ չեն պատին եւ անոր արգելքներուն:
Ամառնային Ողիմպիականը սովորաբար 28 մարզաձեւ կ'ընդգրկէ: Սակայն 2020 թուականէն ի վեր խաղերը կազմակերպող երկիրներուն արտօնութիւն կը տրուի աւելցնելու մինչեւ վեց տարբեր մարզաձեւեր` իրենց Ողիմպիական յայտագիրին:
2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը կը սկսին 26 Յուլիսին, Ֆրանսայի Փարիզ մայրաքաղաքին մէջ, իրենց յայտագիրին մէջ ընդգրկելով չորս նոր մարզաձեւեր` պրէյքտենս, սըրֆ, սքէյթպորտ եւ յատուկ պատի մագլցում: