Jump to content

Պատանի (հանդէս)

Պատանի
Տեսակ եռամսեայ օրացոյց
Խմբագիր Միսաք Էփրիկեան, Նշան Մկրտչեան
Հիմնադրուած է 1910
Հրատարակման վայր Թիֆլիս

«Պատանի», գրական-գեղարուեստական եռամսեայ օրացոյց։ Խմբագիր֊հրատարակիչներ՝ Միսաք Էփրիկեան, Նշան Մկրտչեան։

Լոյս տեսած է 1910-1915 թուականներուն, Թիֆլիս։ Խրախուսած է ստեղծագործական ունակութիւններով օժտուած պատանիները, ներկայացուցած է անոնց գրական փորձերը։

Համախմբած է յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած երիտասարդութիւնը, նպաստած՝ պրոլետարական գրականութեան ստեղծման։

Խմբագրութեան կից գործող «Պատանի» գրական ընկերութիւնը գաւառներու մէջ ունեցած է մասնաճիւղեր։

Աշխատակցած են Ա․ Խոնդկարեանը, Վահան Երեմեանը, Ա․ Կոծինեանը, Վ․ Աղասեանը, Պահարէն (Հայկ Պետրոսեան), Ա․ Վարդանեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։