Jump to content

Պաղպաղակ

Պաղպաղակ

Պաղպաղակը հարուստ է փրոթիններով, ֆոսֆորով եւ երկաթով: Պաղպաղակը աւելի առողջապահական կը նկատուի, եթէ պատրաստուած է բնական պտուղներով, ոչ քիմիական նիւթերով եւ արհեստական գոյներով: Զայն յանձնարարելի չէ շաքարախտէ եւ գիրութենէ տառապողներուն:

Նախընտրելի է անօթի փորով պաղպաղակ չուտել, իսկ ստամոքսը չվնասելու համար զայն պէտք չէ ուտել անմիջապէս ճաշէն ետք:

Ատամնաբուժները կը թելադրեն պաղպաղակը ուտել դանդաղ եւ անմիջապէս անկէ ետք տաք ըմպելի չխմել, ինչպէս յաճախ սխալը կ'ընեն՝ սուրճ խմել պաղպաղակը ուտելէ ետք:

  • Առողջութիւնն ու սնունդը, Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան, Պէյրութ, 2007