Jump to content

Պաթայա տէ Լոս Վինոս (Գինիի Փառատօն)

Պաթայա տէ Լոս Վինոս (Գինիի Փառատօն), տեղի կ'ունենայ Հարոյի մէջ, Սպանիա, որ կը ներկայացնէ միջին դարերուն դրացի Միրանտա տէ Էպրօ շրջանին հետ հողամասերու կռիւը:

Սպանիոյ հիւսիսային շրջանի մայրաքաղաք Հարոյի մէջ, 29 Յունիսին, Սուրբ Փետրոյի օրը, հազարաւոր անձեր փողոց կ'իջնեն՝ «զինուած» գինիով լեցուած ջուրի զէնքերով: Ուրիշներ կը նախընտրեն աւելի աւանդական միջոցները, ինչպէս` դոյլեր, շիշեր, ջրամաններ եւ նոյնիսկ` հին կրկնակօշիկներ[1]:

300 հարիւր տարուան այս աւանդութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը կը սկսի գրաւել Ի. դարուն: Խանդավառ քաղաքապետը կը սկսի նոյնիսկ իւրաքանչիւր մասնակցողի նուիրել 4 լիթր գինի` իբրեւ «զինամթերք»[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]