Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2023

Տօնածառ

Ամանոր կը նշանակէ Նոր Տարի: Բառին ծագումնաբանութիւնը կը բխի բնապաշտական Ամանոր աստուծմէ, որ կը մարմնաւորէր Նոր Տարին, Երկիրին եւ մոլորակներուն շրջագայութիւնը:

Հայոց դիցարանին մէջ Ամանորը պտղաբերութեան եւ բերքը պահպանող աստուածն էր: Ամանորին եղբայր Վանատուրը հիւրընկալութեան աստուածն էր, ուստի Նոր տարին նուիրուած էր Ամանորին ու Վանատուրին:

Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է: Բոլոր ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր:

Շատ հին ժամանակներուն զանազան ազգեր, Ամանորը տարբեր ժամանակներու կը տօնէին եւ ունէին իրարմէ տարբեր աւանդութիւններ:

Տարբեր ժամանակներու, հայերը ունեցած են երեք Նոր տարի, որոնք կը կոչուէին՝ Նաւասարդ, Ամանոր կամ Կաղանդ: Այս տօները նշուած են տարբեր օրերու՝ 21 Մարտին, 11 Օգոստոսին եւ 1 Յունուարին:

Հին Եգիպտացիներուն Նոր Տարին կը սկսէր 19- 20 Յուլիսին, Հռոմէացիներուն՝ 1 Մարտին, Բիւզանդացիներուն՝ 1 Սեպտեմբերին:

1 Յունուարը, իբրեւ Ամանորի առաջին օր, շատ ուշ ընդհանրացած է․․․ Աւելին