Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2022

Ջերմուկ քաղաքը

Ջերմուկ, քաղաք Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզին մէջ, մարզկեդրոնէն 50 քմ հիւսիս-արեւելք, Արփա գետի ակունքին։ Հայաստանի երեք առողջարանային քաղաքներէն մէկն է։ Կը գտնուի Երեւանէն 173 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Ջերմուկ նախկին հայկական Ջերմուկ գիւղին տեղը կառուցուած է։ Հետագային անիկա օտարեկրացիներու կողմէ աւերուած է եւ անոր փոխարէն նոր գիւղ կառուցած են, որ թարգմանաբար կոչած են Իստիսու։ Ջերմուկ վերանուանուած է 1924-ին։

Քաղաքին կը պատկանի նաեւ 3 քմ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Կեչուտ գիւղը։

Աւանդավէպի մը համաձայն, ժամանակին, երբ մարդու ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, այս կուսական անտառները զանազան որսատեսակներով լեցուն էին։ Օր մը, փորձառու որսորդ մը կը նետահարէ մատղաշ եղնիկ մը։ Վիրաւոր եղնիկը մեծ ճիգերով, վերջին ուժերը հաւաքած, կը սկսի փախչիլ։ Որսորդը կրնկակոխ կը հետապնդէ զինք։ Ոտքերը հազիւ քարշ տալով, եղնիկը կը հասնի Ջերմուկի հանքային աղբիւրներուն, կը նետուի ջուրը եւ... ո՜վ հրաշք․․․ Աւելին