Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2024

Էտիթ Փիաֆ, բուն անունով՝ Էտիթ Ճիովաննա Կասիոն (Édith Giovanna Gassion), ֆրանսացի երգչուհի եւ դերասանուհի։

Ըստ ընդունուած վարկածի մը, Էտիթ Փիաֆ ծնած է Պելվիլ քաղաքին փողոցի լապտերներէն մէկուն տակ։ Մայրը՝ Անիթա Մայար, անյաջող դերասանուհի մը, հանդէս կու գար Լինա Մարսա բեմական անունով։ Հայրը՝ Լուի Կասոն, փողոցի աճպարար էր։ Ա․ Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը, ան կամաւոր կը զինուորագրուի եւ կը մեկնի ճակատ։ Առաջին անգամ արձակուրդ կը ստանայ 1915-ի վերջերուն՝ իր նորածին աղջիկը տեսնելու համար։

Երկու տարի ետք, Լուի Կասիոն կ'իմանայ, որ կինը զինք լքած է, իսկ աղջիկը ձգած է իր ծնողքին քով։ Տեսնելով, որ Էտիթ կ'ապրէր չափազանց վատ պայմաններու մէջ, Լուի զինք կը տեղափոխէ իր մօր քով, որ հասարակաց տուն մը կը պահէր։

Նորմանտիի մէջ կը բացայայտուի, որ Էտիթ կոյր է։ Կեանքին առաջին ամիսներուն անոր մօտ կը յառաջանայ աչքի եղջերաթաղանթի բորբոքում (keratitis)․․․ Աւելին