Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2022
Քնարերգութիւն, գրական սեռ, ուր բանաստեղծը կը պատմէ իր եսին մասին կամ կը պատմէ իրականութիւն մը, որուն անպայման կու տայ իր ստացած տպաւորութիւնները, խոհերը եւ զգացումները:
Քնարական ստեղծագործութիւնը, որ սովորաբար փոքր ծաւալի չափածոյ երկ մըն է, կը հիմնուի որեւէ ապրում-պատկերի վրայ։ Վերջինիս յուզական արտայայտման եւ ծաւալման եղանակով ալ պայմանաւորուած է քնարական ստեղծագործութեան կառոյցն ու զարգացման ընթացքը։ Քնարաշունչ երկերը կ'ունենան չափածոյ ձեւ եւ կ'արտայայտեն խոր յուզում, ուր կը բացայայտուի քնարերգակ հերոսին ներաշխարհը, որուն ընդմէջէն կը յայտնաբերուին հերոսին կրած տառապանքները, գեղեցկութեան թէ բնութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքը, ինչպէս նաեւ սիրոյ հանդէպ իր ապրումները:
Քնարերգութիւնը մշակուած է բոլոր դարերուն: Հայ քնարերգութիւնը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, որուն անդրանիկ նմուշները մեզի հասած են հնագոյն դարաշրջաններէն: Հայ բանաստեղծներուն մօտ ուշագրաւ է քնարերգութիւնը, որուն միջոցով անոնք երգած են իրենց սէրը՝ գեղեցիկին, բնութեան եւ հայրենիքին հանդէպ․․․ Աւելին⇒