Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/12-2022

  • Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ կայանալիք աշխարհի ախոյեանութեան, հայ ծանրաբարձները պայքարի մէջ կը մտնեն 9 Դեկտեմբերէն:
  • Իրանի ճարտարարուեստի փոխնախարար Մոհամետ Մահտիպրատրան Թեհրանի մէջ իր տան մօտ սրածայր իրով մը յարձակումի ենթարկուած է:
  • Երեւանի Լեւոն Շանթի անուան թիւ 4 հիմնական դպրոցին մէջ կայացած է հայ մեծանուն գրող, թատերագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիր Լեւոն Շանթի դիմաքանդակի բացման արարողութիւնը:
  • Հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնը` «Դրախտի դարպասը», Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուած է: