Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/10-2023

  • Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած է երեք երկրաշարժ։ Զոհերուն թիւը հասած է աւելի քան 2400-ի, վիրաւորներուն՝ առնուազն 2000-ի։

«Աղջիկ կռփամարատիկները պէտք է առիթ ունենան ընտրելու 12 ռաունտով մրցումներ տղոց նման», ըսած է փետուրի կշիռի (57 քկ) աշխարհի աղջկանց ախոյեան Ամանտա Սերրանօ` իրեն հետ ունենալով 20-է աւելի նախկին եւ այժմու կռփամարտիկներ:

  • Յունաստանի մէջ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ Միջազգային կիթառի կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած է իբրեւ դեսպան, 23 օգոստոս 2023-ին Յունաստանի Վոլոս քաղաքին մէջ ներկայացուց Հայաստանն ու Լիբանանը` Կիթառի միջազգային (World guitar day-2023) օրուան առիթով կազմակերպուած ողիմպիականին:
  • Լոյս տեսաած է գիտնական, հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի «Դիմագրաւումներ եւ միաւորումներ. գիրք միտքերու եւ արուեստի» գիրքը: