Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/05-2023

  • Մոնրէալի մէջ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը։ 1954 թուականի Մայիսէն մինչեւ այս տարուան Մարտ ամսուան ժամանակաշրջանը՝ այս մատենագրութեան մէջ արդէն ամփոփուած են հեղինակին կողմէ ստորագրուած բազմաբնոյթ գրութիւնները։
  • Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհած է Ֆրանսայի յայտնի մասնագէտներէն փրոֆ. Էրվէ Ֆերնանտեսին։ Պատուոյ կոչումը շնորհուած է համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով։
  • «Բագին»ի աւելի քան քառասուն հազար թուայնացած էջերը տեղադրուած են «Բագին»ի նորաստեղծ www.pakine.net կայքին վրայ, որոնելի համակարգով։