Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/04-2020

  • Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ բոլոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու բարեխօսական կարգը: Արարողութիւնները եղան դռնփակ COVID-19 «Պսակաձեւ ժահր»ի արտակարգ դրութեան ներքոյ։ Նոյն օրը, ժամը 12-ին, հնչեցին բոլոր հայ եկեղեցիներուն զանգերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
  • 14 Ապրիլ 2020-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին, Արայիկ Յարութիւնեանը՝ ստանալով քուէներու 87 առ հարիւրը, ընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ։ Ըստ Արցախի ընտրական օրենսգիրքի, միւս թեկնածուն Մասիս Մայիլեանը ետ չէր քաշած իր թեկնածութիւնը մինչեւ ժամկէտ՝ այսինքն քուէարկութեան օրէն ոչ ուշ քան 10 օր առաջ։ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլին, Յարութիւնեանը ստացած էր քուէներու 49 տոկոսը, իսկ Մայիլեանը 26 տոկոսը: Երրորդ տեղ գրաւած էր Վիթալի Բալասանեանը մօտ 15 առ հարիւր տոկոսով։
  • 13 Ապրիլ 2020-ին Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի խորհուրդի որոշումով քաղաքապետ նշանակուեցաւ Վրէժ Աղաճանեանը։ Ան կը փոխարինէ այդ հայահոծ ամերիկեան քաղաքի քաղաքապետ Արա Նաճարեանին։
  • Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը սկսած է «Ցաւի Գոյնը» խորագիրը կրող առցանց նախագիծ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյին պատկանող հայ նկարիչներու շարք մը աշխատանքներ ներկայացնելով` նուիրուած Ցեղասպանութեան: