Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/03-2021

  • Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան մարմինները վաւերացուցած են «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպող երրորդ պատուաստը։
  • Հուսինները թեւաւոր հրթիռներով եւ 15 անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած են Ռիատի, Ապհայի, Խամիսի եւ Մաշիթի վրայ։
  • Հայաստանի ներկայացուցիչ Քաթիա Գալստեան պրոնզէ մետալակիր դարձաւ գերմանական Օպերսթտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին:
  • «Փըրսըվիրընս» անջրպետանաւը դէպի Հրատ ուղղուած էր 30 Յուլիս 2020-ին: Աւելի քան վեց ամսուան ճամբորդութենէ ետք, ան կարմիր մոլորակին հասած է 18 Փետրուար 2021-ին: