Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/02-2024

  • Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռեքս Քալամեան պիտի աշխատի «Էն. Պի. Էյ.»-ի Միլուոքի Պաքս խումբին հետ:
  • Էլըն Մասքի կողմէ հիմնադրուած «Նէօրալինք» ընկերութիւնը պաշտօնական յայտարարեց՝ 30 Յունուարին, որ առաջին անգամ չիփ մը զետեղուած է մարդկային ուղեղին։ Ըստ Էլըն Մասքի, «Թելեփաթի» կը կոչուի այս նոր չիփը եւ առաջին արդիւնքները յուսադրիչ են։
  • Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 28 Յունուարին Պոլսոյ կաթողիկէ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրակոցի հետ կապ ունենալու կասկածանքով ձերբակալած է 47 անձեր, որոնց շարքին` Ռուսիոյ քաղաքացի մը։