Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/02
Արտաքին տեսք
- Սուրիոյ խորհրդարանը Փետրուար 13-ին միաձայն քուէարկութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող եւ դատապարտող բանաձեւ մը: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր երեսփոխան Նորա Արիսեանը նշած էր իր ելոյթին մէջ որ աւելի քան 30 երկիրներու խորհրդարաններ արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնական բանաձեւերով։
- Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի կայանայ 5 Ապրիլ 2020-ին:
- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 31 Մարտ 2020-ին:
- 21 Յունուար 2020-ին Լիբանանի նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ կազմեց իր կառավարութիւնը: Նոր կառավարութեան կազմը կ՜ընդգրկէ հայազգի Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը որ պիտի ծառայէ որպէս Լիբանանի Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան Նախարար:
- Յունահռոմէական հայազգի ըմբշամարտիկներ Արթուր Ալեքսանեան եւ Գէորք Ղարիպեան Հռոմի մէջ կայացած Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն ընթացքին շահած են ոսկի մետալներ դառնալով Եւրոպայի ախոյեաններ:
- Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի կազմակերպական աշխատանքի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 Փետրուարէն 3 Մարտ, Անթիլիաս, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը:
- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած հրամանագրով, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար – պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ Կարէն Աբրահամեանի փոխարէն որ ազատուած է բանակի հրամանատարի պաշտօնէն: