Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/01-2021

  • Նոյեմբեր 2021-ին հաշմանդամ Ողիմպիական ախոյեան լողորդ Թէօ Քարին, Ողիմպիական ախոյեան լողորդ Մալիա Սեթելլա եւ արկածախնդիր Մաթիը Ուիթվոեթ լողալով եւ առանց ոչ մէկ օգնութեան պիտի կտրեն Փերուի Թիթիքաքա լիճը:
  • Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածու Էնթընի Պլինքըն փափաք յայտնած է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու եւ Յունաստանի միջեւ անվտանգութեան կապն առաւել եւս ամրապնդելու ուղղութեամբ:
  • Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, դարձաւ ֆութպոլի պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը` պաշտօնական մրցումներու ընթացքին նշանակելով իր 760-րդ կոլը:
  • «Մանուկներու յատուկ խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակ»ին արժանացած է 17 տարեկան պանկլատեշցի Սատաթ Ռահման։ Ան կ՛աշխատի երաշխաւորել համացանցի ապահովութիւնը եւ ստեղծած է հեռաձայնի յաւելուած մը, որ կ՛օգնէ Պանկլատէշի պատանիներուն՝ համացանցին վրայի վտանգները դիմարաւելու։ Այս մրցանակը, հիմնուած՝ 2005-ին, կը վարձատրէ մանուկներուն իրաւունքներուն համար աշխատող 18 տարեկանէն աւելի փոքր անձ մը։