Jump to content

Ողիմպիական ջահը

Ողիմպիական ջահը, թէ՛ ամառնային, թէ՛ ալ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն գլխաւոր խորհրդանիշը:

Ան կը ներշնչուի Հին Յունաստանի խաղերու աւանդութենէն, երբ սրբազան կրակը կը վառէին` ի պատիւ աստուածներուն: Այժմ այդ ջահը կը ներկայացնէ` խաղաղութիւնը բարեկամութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ միութիւնը[1]:

Ջահը կը հետեւի երկար ճամբու մը` բազմաթիւ երկիրներու եւ երբեմն ցամաքամասերու միջեւ, յայտարարելու համար Ողիմպիական խաղերուն սկիզբը եւ խորհրդանշելու համար ազգերու միջեւ եղբայրութիւնը:

Կրակը վառելու արարողութիւնը, 2008

Ան իր ճամբորդութիւնը կը սկսի Յունաստանի Ողիմպոս լերան վրայ Հերայի տաճարին աւերակներուն մէջէն: Արեւուն ճառագայթները կը վառեն առաջին բոցը հայելիի մը շնորհիւ: Պատմութիւնը կը վերակենդանանայ, երբ քրմուհիներու նման հագուած կիներ ջահը կը վառեն: Այդ ջահը բնաւ պէտք չէ մարի, մինչեւ որ հասնի այն քաղաքը, որ պիտի ընդունի Ողիմպիական խաղերը: Ան կը փոխանցուի շնորհիւ հազարաւոր վազողներու, որոնք զայն կը հասցնեն մինչեւ կազմակերպիչ քաղաքը: Այդ առիթով այն շրջանները, ուրկէ կ՛անցնի ջահը, անոր շուրջ յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպեն: Այս արկածախնդրութիւնը վերջ կը գտնէ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին, հանդիսատեսներով լեցուն դաշտի մը մէջ: Կրակը կը շարունակէ վառ մնալ աւելի մեծ ջահի մը մէջ` ամբողջ մրցումներուն տեւողութեան: Ան կը խորհրդանշէ մարզական ոգին եւ կը փայլի աշխարհին շուրջ միլիառաւոր հանդիսատեսներուն աչքերուն առջեւ[2]:

Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականի անդամ, հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան Յուլիս 17-ին Փարիզի մէջ մասնակցած է Ողիմպիական խաղերու ջահի փոխանման վազքին, Վիլեր-Գոթըրէ քաղաքին մէջ (Հօ-տը-Ֆրանսի շրջան)[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]