Շրթներկ
Շրթներկ, (ֆր.՝ pommade, իտալ.՝ pomata из լատին․՝ pomum- «խնձոր»), շպարի արտադրանք՝ շրթունքները ներկելու, պաշտպանելու կամ խոնաւցնելու համար։
Ընդհանրապէս կը պատրաստուի անասնական ճարպէն։
Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, առաջին անգամ շրթներկ գործածուած է շուրջ հինգ հազար տարի առաջ` Միջագետքի մէջ. զայն կը պատրաստէին կէս թանկագին քարեր փոշիի վերածելով եւ մեղրամոմով խառնելով:
Հին եգիպտացիները շրթներկ կը պատրաստէին ֆիւքիւս տիպի լոռով, որուն այլ նիւթեր կը խառնէին:
Հին Յունաստանի կանայք իրենց շուրթերը կը ծեփէին ճզմուած թութով:
ԺԶ. դարուն շրթներկ կը գործածէին թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ՛ կիները:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին շրթներկ կը գործածէին դերասանուհիները եւ պոռնիկները: Պատերազմէն ետք Գօգօ Շանել նորաձեւ կը դարձնէ «Փոքրիկ, կարմիր բերան»ը:
Կ'ըսուի, թէ շրթներկի ամէնէն մեծ հաւաքածոն իտալացի դերասանուհի Սոֆիա Լորենին է. անոր դիմայարդարման սեղանին վրայ կարելի է հաշուել 200-300 շրթներկ[1]: