Շուշիի Կեդրոնական Գրադարան

Շուշիի Կեդրոնական Գրադարան

Շուշիի կեդրոնական գրադարան, մշակութային հիմնարկ ԼՂՀ Շուշի քաղաքին մէջ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրադարանը կը գործէ 1992 թուականի սեպտեմբեր 1-էն։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 1993 թուականին։ Գրադարանի մասնաշէնքը կը գտնուէր կիսավեր, անմխիթար վիճակի մէջ, սակայն աշխատակիցներու շնորհիւ շէնքը մաքրուած է պատերազմի հետքերէն, հաւաքուած է որոշակի քանակութեամբ գրականութիւն եւ գրադարանը իր դուռներն բացած է ընթերցողներու առաջ։

2010 թուականի մայիսէն մինչեւ նոյեմբեր 15«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէն Շուշիի կենդրոնական գրադարանը վերանորոգուած եւ նոր տեսք ստացած է, կահավորուած է հիմնադրամի կողմէն տրամադրուած կահոյքով։ 2011 թուականի մայիս 26-ին տեղի ունեցած է Շուշիի ԿԳ-ի վերանորոգուած շէնքի հանդիսաւոր բացումը[1][2]: Գրադարանը երկհարկանի, մէկ հարկանի մասնաշէնքերէն կազմուած կառույց է` 624 2 մեդր ընդհանուր մակերէսով։

Ֆոնտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուշիի ԿԳ-ի գրքային ֆոնտը կը կազմէ 18762 կտոր գիրք։ Գրադարանը համալրուած է հիմնականին նուիրատուութեան կարգով Հոկտեմբերեանէն, Եղեգնաձորէն, «Կանչ» թերթի կողմէն, Շենգավիթէն, Հրայր Ուլուբաբեանի կողմէ բերուած գրականութեամբ, Երեւանէն Անի եւ Զեփիւռ Բատիկեաններէն, Հայաստանի Ազգային Գրադարանէն, ՀՀ տարբեր շրջաններէն, ԼՂՀ գրողներու միութիւնէն, «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներու Գ.Մելիքեանի հիմնադրամ»-էն, ԼՂՀ մշակոյթի եւ հարցերու նախարարութեան կողմէն, Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարանէն, Հայդուկ Շամլեանի հեղինակային գիրքերէն, Թաթուլ Յակոբեանէն, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամէն, Արշակ Գիւմրեանէն, Մարգարիտա Պետրոսեանէն, Շուշիի շրջվարչակազմի ղեկավար` Վ. Կասեանի կողմէն, Շուշիի քաղաքապետ ` Ա. Սարգսեանի կողմէն եւ այլ նուիրեալ անհատներէն, ինչպէս նաեւ նախահաշուով գրադարանին տրամադրուած գումարով։

Շուշիի ԿԳ-ի կողմէ կատարուած են բազմաբնոյթ միջոցառումներ`գիրքային ցուցահանդէսներ, գրական-գեղարվեստական ցերեկոյթներ, բանավեճեր, զրոյցներ, գիրքի քննարկումներ, հանդիպումներ նշանաւոր մարդկանց հետ։ Գրադարանը կը համագործակէ Շուշիի դպրոցներու եւ մշակութային օջախներու հետ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]