Jump to content

Շուշան Պարտիզպանեան

Շուշան Պարտիզպանեան
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն եգիպտահայ
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն Թատերագիր
Աշխատավայր «Թուղթէ Արջը», «Հայ Կեանք»
Ամուսին Ֆիքրի Ֆանուս
Երեխաներ երեք զաւակ

Շուշան Պարտիզպանեան, ծնած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Իր ուսումը ստացած է Պօղոսեան նախակրթարանին մէջ, յետոյ յաճախած է Գահիրէի Գալուստեան վարժարանը։

Փոքր տարիքէն սիրած է հայ գիրն ու գրականութիւնը։ Հայ թատերախումբին մէջ բեղուն գործունէութիւն մը ցոյց տուած է, ստանձնելով գլխաւոր դերերը։ Գրած է «Թուղթէ Արջը» թատրերգութիւնը։

Գահիրէի մէջ ամուսնացած է Տոքթ․ Ֆիքրի Ֆանուսի հետ։ Ամերիկա գաղթած է 1968-ին եւ իր ընտանիքին հետ հաստատուած՝ Կլէնտէյլ, Գալիֆորնիա: Մայր է երեք զաւակներու։

Աշխատակցած է «Նոր Հայ» շաբաթաթերթին։ Ներկայիս մնայուն աշխատակիցն է «Հայ Կեանք»ին։

«Հայ Կեանք» մատենաշարը 1990-ին լոյս ընծայեց Շ․ Ֆանուս-Պարտիզպանեանի «Առանց Դէմքի Զինուորներ» պատմուածքներու հատորը։

Այս հատորին մէջ Շ․ Ֆանուս հարազատ պատկերը կու տայ հակասական նկարագրի տէր մարդոց հոգեկան աշխարհին։ Իր հերոսները մեզի կը ներկայանան իրենց տիպար կամ յոռի ընթացքով։ Շատ անգամ անիրաւութիւնն ու կեղծիքը աւելի ծանր կը կշռեն քան արդարութիւնը։ Ուժը եւ հարստութիւնը կը տիրապետեն յաճախ։ Ոճը պարզ է եւ սահուն։ Նիւթերը այլազան են, շահեկան ու ճշմարտանման[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։