Շողակաթ (ամսագիր)

Շողակաթ
Շողակաթ
Տեսակ պարբերաթերթ, ամսագիր, տարեգիրք
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1952
Երկիր Թուրքիա
Հրատարակման վայր Պոլիս

«Շողակաթ», կրօնաբարոյական, գրական ամսագիր, պատմաբանասիրական պարբերագիրք, ապա՝ տարեգիրք (1970 թուականէն)։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան Ս․ Խաչ դպրեվանքի պաշտօնական հրատարակութիւն։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1952 թուականին, Պոլիս։

Հրապարակած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, ծանօթացուցած է Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի եւ պատրիարքութեան առօրեան։

Տպագրած է հայ պատմագիրներու, մատենագիրներու, տաղերգուներու, համաշխարհային դասականներու, արեւմտահայ եւ հայ խորհրդային հեղինակներւու ստեղծագործութիւններ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։