Jump to content

Շիքակոյի Հայերը

Շիքակոյի Հայերը հիմնականօէն արհեստաւորներ, ծառայողներ, առեւտրականներ, մտաւորականներ են։ Շիքակոյի մէջ եւ անոր արուարձաններուն մէջ կը գործեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ամենայն Սրբոց, Սուրբ Պօղոս, Սուրբ Փրկիչ առաքելական եկեղեցիները, Շիքակոյի հայ աւետարանական եկեղեցին, որոնց կից՝ Դանիէլ Վարուժան, ՀԲԸՄ-ի Վարժապետեան, Մեսրոպեան միօրեայ դպրոցները։ Համայնքի ձեւավորումէն ի վեր այստեղ կը գործեն հայ ազգային կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը, ՀՕՄ-ի «Անահիտ» կրտսերաց մասնաճիւղը, Շիքակոյի համալսարանի հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը, համագաղութային այլ կազմակերպութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու տեղական մարմինները, տիկնանց եւ երիտասարդաց միութիւնները։ 1922-ին Շիքակոյի մէջ կազմակերպուած է «Շանթ» թատերախումբը, որ թատրերգութիւններ ներկայացուցած է Յովհաննէս Աբէլեանի եւ Յովհաննէս Զարիֆեանի մասնակցութեամբ։ Շիքակոյի մէջ լոյս տեսած է 10-էն աւելի պարբերականներ, առաջինը՝ «Դաստիարակը»՝ 1903-ին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։