Շինարար (պարբերաթերթ)

Շինարար
Տեսակ պարբերաթերթ
Հիմնադրուած է 1927
Երկիր Միացեալ Նահանգներ
Հրատարակման վայր Նիւ Եորք

«Շինարար», հասարակական, քաղաքական պարբերաթերթ։ Հանդիսացած է ՀՕԿ-ի Ամերիկայի շրջանի կեդրոնական վարչութեան հրատարակութիւնը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոյս տեսած է 1927-1931-ին, Նիւ Եորք։ Ծանօթացուցած է ՀՕԿ-երու ստեղծման շարժառիթները, լուսաբանած՝ անոնց գործունէութիւնը եւ դերը Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։ Հրապարակած է Հայաստանի վերակառուցման նուիրուած յօդուածներ, անդրադարձած՝ հայրենակցական միութիւններու ձեռնարկումներուն։

Տպագրած է հայ խորհրդային եւ ամերիկահայ գրողներու գեղարուեստական գործեր, հրապարակախօսական յօդուածներ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։