Շաւիղ (թերթ)

Շաւիղ
Տեսակ շաբաթաթերթ
Խմբագիր Յովհաննէս Մասեհեան, Վահրամ Փափազեան
Հիմնադրուած է 1894
Հրատարակման վայր Թեհրան

«Շաւիղ», ազգային, գրական, քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1894-1897 թուականներուն, Թեհրան։ Խմբագիրներ՝ Յովհաննէս Մասեհեան, Վահրամ Փափազեան։

Մեծ տեղ յատկացուցած է աշխատաւորութԵան, յատկապէս՝ գիւղացիութեան ընկերայինլ-տնտեսական, իրաւական ու կենցաղային վիճակին, բարձրացրած՝ լուսաւորութեան, դպրոցը եկեղեցիէն անջատելու հարցեր։

Ունեցած է գրական բաժին, թարգմանաբար ներկայացուցած է եւրոպական, ռուս եւ պարսիկ գրողները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։