Նուրի Կամ Անձրեւի Հարս Տիկնիկը
Նուրի Կամ Անձրեւի Հարս Տիկնիկը, հայկական ծիսական տիկնիկ:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նուրին համարուած էր Ծաղկազարդի խորհրդանիշ տիկնիկը, որմէ երաշտի ժամանակ գիւղացիները անձրեւ կը խնդրէին: Նուրիին մեծ ու նշաձեւ աչքերէն կը ծնէին շաղը, ցօղն ու անձրեւի կաթիլները: Երբ մարդ ու անասուն ջուրի պակասէ կը տառապէին, Նուրին կ'արտասուէր, եւ անոր արցունքներով թրջուած հողը կը վերակենդանանար ու կրկին բերք կու տար[1]:
Նուրի տիկնիկը կը պատրաստուէր ցախաւելէ կամ փայտէ: Դէմքը կը պատրաստէին ճերմակ լաթէ, գօտին` գունաւոր կտորէ, լաչակը` փայլուն ուլունքներէ, իսկ գլխուն ծաղկեպսակ կ'ամրացնէին[2]:
Ծաղկազարդի տօնին աղջիկ երեխաները երգով ու պարով Նուրին տունէ տուն կը պտտցնէին, մինչ մարդիկ դռներէն ու պատուհաններէն կուժերով տիկնիկին վրայ ջուր կը ցօղէին, իսկ երեխաներուն հաւկիթ, պանիր, հաց եւ երբեմն ալ մետաղադրամ կը նուիրէին: Շրջակայ տուներէն հաւաքուած մթերքներով երեխաները խնճոյք կը կազմակերպէին, իսկ գումարը կը տանէին գիւղի դարբինին, որպէսզի մետաղեայ տիկնիկ մը ձուլէր, ապա զայն կը տանէին ու կը նուիրէին գիւղի եկեղեցւոյ:
Նուրի տիկնիկին ծէսը Ծաղկազարդի տօնին ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն էր:
Նուրիին նուիրուած երգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նուրիին համար յատուկ երգ յօրինուած էր.
Նուրի նուրին եկել է,
Սիրուն հուրին եկեր է, Շիլա շապիկ հագեր է, Կարմիր գօտին կապեր է, Մեր նուրիին փայ տուէք, Ուտենք, խմենք, քէֆ ընենք: Անձրե՛ւ, անձրե՛ւ, վար եկո՛ւր, Ցորեն, գարի դուն բուսցո՛ւր: |
Հայկական ծիսական տիկնիկները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական ծիսական տիկնիկներուն մէջ ամփոփուած է մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը: Անցեալին ժողովուրդը զանոնք օժտած է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգներէ զերծ պահող եւ յաջողութիւն ապահովող յատկութիւններով: Տիկնիկներուն միջոցով անոնք ձգտած են ապահովել` բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան ու անձնական յաջողութիւնները: