Նոր ժամանակներ (հանդէս)

Նոր ժամանակներ
Տեսակ պարբերաթերթ
Խմբագիր Վահան Թէքէեան
Հիմնադրուած է 1906
Գրասենեակ Գահիրէ, Եգիպտոս

«Նոր ժամանակներ», քաղաքական եւ գրական շաբաթական հանդէս։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոյս տեսած է 1906 թուականին Գահիրէի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչը եղած է Վահան Թէքէեանը։

«Նոր ժամանակներ» հանդէսի խնդիրը եղած է գաղթավայրերու մտաւորականութեան միաւորելը, հայապահպանութեան նպաստելը, ուծացման դէմ պայքարելը, թուրքաբնակ հայութեան օգնելը։ Անդրադարձած է Ռուսաստանի տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն, դրական վերաբերմունք ցուցաբերել հայ-ռուսական գրական կապերու հաստատման։ Ունեցած է նաեւ առողջապահութեան եւ երգիծանքի բաժին։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։