Նոր Ուղի (օրացոյց)

Նոր Ուղի
Տեսակ օրացոյց
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Աշոտ Սիմոնեան
Հիմնադրուած է 1913
Երկիր  Հայաստան
Հրատարակման վայր Ալեքսանդրապոլ

«Նոր ուղի», երիտասարդ ստեղծագործողներու գրական օրացոյց։

Լոյս տեսած է 1913-1916 թուականներուն, Ալեքսանդրապոլ (8 գիրք)։ Խմբագիր՝ Աշոտ Սիմոնեան։

Տպագրած է Անդրկովկասի, յատկապէս՝ Հայաստանի, սկսնակ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները, որոնց հիմնական թեման սէրն էր ու հայրենիքը, դասակարգային հակասութիւններն ու հայ ժողովուրդի դատը։

Թարգմանաբար հրատարակած է նաեւ Հանրիխ Հայնէի, Մ․ Շահինեանի եւ ուրիշներու գործերէն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։