Նոթինկ Հիլ


Նոթինկ Հիլը Լոնտոնի պատկանող Թաղամաս է։ Կը գտնուի Քէնսինկդոնի եւ Ջելսիի նահանգին մէջ, Հայտ Բարքին մօտերը։

Հարուստ հատածի հռչակը ունի, ճանցուածէ իր մեծ քաղաքային եւ վիգտորիական ոճով տուներու գրաւիչ պատշգամներուն եւ նաեւ իր ճաշարաններուն համար։ Իր բազմաթիւ երաժշտութեան խանութները Նոթինկ Հիլին կը դարձնեն մշակոյթ վայր մը։

Հետաքրքրական տեղ մըն է, որովհետեւ այնտեղ Օգոստոսին կը կատարուի Նոթինկ Հիլի բարեկենդանը։ Նոթինկ Հիլի բարեկենդանը փողոցի փառատօն է, ուր կը ներկայացուին ծպտուած պարողներ. հսկայ տօն է Գարայիպի մշակութեան համար։ Բարեկենդանը ստեղուած է 1960 տարուան ընթացքին իբր ստոյք պատասխան լարումներուն՝ գաղթողներու համայնքին, որ նոր հասած էին եւ միւս համայնքերուն միջեւ։ Այս լարումներուն ամէնէն կարեւոր խրովութիւնները կատարուեցան Նոթինկ Հիլին մէջ։

Նոթին Հիլին մէջ նաեւ Բորդոպելլօ Րոտին շուկան տեղի կ'ունենայ, որ այս օրերուն դարձած է կարեւոր զբօսաշրջիկութեան վայր Լոնտոնին համար։ Այս շուկային շուրջը կան ահագին հնավաճարներ։ Շուկան տեղի կ'ունենայ ամէն Շաբաթ եւ կը բերէ գնողներ, ծախողներ եւ զբօսաշրջիկներ։ Այս վերջին տարիները, շուկան շատ ճանչցուեցաւ եւ երթալէն դարձաւ զբօսաշրջիկութեան վայր մը։ Ասոր համար է որ կ'ըսեն որ իր որակը իջաւ։

Նոթինկ Հիլը ճանչցուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ «Նոթինկ Հիլ» (1999) ֆիլմին շնորհիւ որուն մէջ կը խաղան Ժուլիա Րոպէրթը եւ Հիւկ Կրանթը։ Ֆիլմին մէջ կրնանք նկատել Բորդոպելլօ Րոտին շուկան։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոթինկ Հիլին անունը կու գայ բլուր է մը, որուն մէջէն կ'անցնէր Լատպրոք Կրովը, եւ իր գագաթը կը գտնուի Սուրբ Ճոնին եկեղեցին։ Բայց ուրիշներ կ՛ըսեն որ Նոթինկ Հիլը կապ ունի ուրիշ բլուրի մը հետ, որուն անունը Գամբտեն է։ Կ'ըսուի որ անունը շատ հին է, եւ ածանցեալ է Սացոնէն «Գնոդա» բառէն ինչպէս կրնանք գտնալ Գնոդա Հիլի քաղաքի անուան մէջ։

Նոթինկ Հիլը պզտիկ հանգիստ թաղամաս էր։ Բայց երբ որ Նոթինկ Հիլ ֆիլմը ելաւ, գիւղը որ արդեն բազմաէթնիկ էր, դարձաւ զբօսաշրջիկութեան վայր։

Սկիզբը ամէն հատուածը գիւղ էր եւ կը պատկանէր Քենսինկթոնի հիւսիսային ժողովրդապետութեան։ Բնակարան մը կար։ Նոթինկ Հիլի անունը տարածուեցաւ, երբ որ նոր ճամբու իրաւունք ստացան եւ շինեցին հիմնական ճամբուն վրայ, Լոնտոնէն մինչեւ Իւցպրիճ որ հիմա Օքսֆորտ Սթրիթին, Պէյսույաթըր Րոտին եւ Հոլանտ Բարք Աւընեուին պէս յայտնի եղած է։ Ճամբու իրաւունքը կը գտնուէր Նոթինկ Հիլ Կէյթ։ Ճամբու իրաւունքը հոս էր կեցնելու համար մարդոց որ կանցնէին ճամբայ էն արանց վճարելով։ Այս ճամբու իրաւունքը հանուեցաւ XIX րդ դարին։

Ուրեմն տարբերութիւն կայ ժամանակակից Նոթինկ Հիլին եւ Նոթինկ Հիլ Կէյթին միջեւ։ Բայց յաճախ մարդիկ երկուքը կը խառնեն։

XIX րդ դարին, երբ որ Լոնտոնին տարածումը հասաւ մինչեւ Պեյսույադըր, հողային տանտերը որ կը պատգաներ Լատպրոք ընտխնիքին, սկսաւ 1820-ին բողոցներ եւ տուներ շինեց որ հատածը դարնայ նորոյթ արուարձանմը։ Ատոր համար է որ ահագին բողոցներ կէ կոչուին Լատպրոք։

Հիմնական ճարտարապէտը Դոմա Ալլոմներ (կը պատգաներ Լատպրոք ըրտաիքին)։ Իր գաղաբարը այն էր որ տուները շարուած ըլլան պարտեզիմը շուրչը եւ ճամբան գտնուի տունին միւս կողմը։ Ասի ըսելէ որ տուները ունին մէկ անգամեն մուտքմը համայնքի պարտեզին։ Բայց այնտեղ ոչ ապրոշները չէին կրնար պարտեզ երդալ եւ պարտեզը չէր տէսնուեր բողոց էն։

Նոթինկ Հիլի տուները մեծ էին բայց երբ որ շինուեցան ամենեն հարուստ Լոնտոնցիները չ՛ուզեցին հոն ապրիլ որուհետեւ կը նախնտրէին աւելի կենդրոնին մէչ ապրիլ օրինակ Մաեֆար կամ Պելկրավիա։ Ուրեմն կանչեցին ազնվազարմութիւնին որ ապրին Պելկրավիային մոտելին պէս բայց աւելի արժան գիներով։

Ինչպէս ուրիշ հատածներ Լոնտոնին մէջ, Նոթինկ Հիլի հռչակը շատ բոխուեցաւ XX րդ դարին։ Այն միչոցին որ ազնվազարմութիւնը ծարայ ալ չէր ուզեր, Նոթինկ Հիլին տուները կորսնցուցին իրենց հետաքրքրությունը կորսնցուցին եւ երդալեն բաժնուեցան զատ զատ բնակութիւնի։

1980 տարիներուն, ետ նորոյթ եղաւ Նոթինկ Հիլ ապրիլ մեծ տուների մէջ։ Հիմայ, Նոթինկ Հիլը եղած է ամենէ հարուստ տեղերեն մէկը Լոնտոնին մէջ որուհետեւ ունի ահագին պարտեզներ, Հոլանտ Բարքը, Քէնսինկդոն Պարտէզները եւ ունի խանութներ։

Ճանցուած անձեր որ կ՛ապրէին Նոթինկ Հիլ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Լաժոս Քոսիւդ (1802-1894), քաղաքապէտ մարդ որ կ՛ապրեր 39թ Չէբսդոն Վիլլաս։
  • Հօույարտ Սդոնդոն (1810-1874), շախմատի գլխաւոր որ կ՛ապրեր 117թ Լանստոն Րոտ։
  • Ուիլիամ Գրոքս (1832-1919), գիտական եւ քիմիագէտ որ կ՛ապրեր եւ ուր մերխւ 7թ Քէնշիկդոն Բարք Կարտընս։
  • Էմըլին Բանխըրսդ (1858-1928) եւ իր ախչիկը Գրիսդապէլ Բանխըրսդ (1880-1958) որ կ՛ապրէին 50թ Գլարէնտոն Րոտ։
  • Ալպէր Շըւալիէ (1861-1923), դերասան որ ծնած է 17թ Սուրբ Աննի Վիլլաս։
  • Ժաույահարլալ Նէհրու (1889-1964), հնդիկ քաղաքապէտ որ երկու տարի ապրած է 64թ Էլկին Գրեսէնդ
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Portobello Road". London Online. Archived from the original on 23 February 2010. Retrieved 18 February 2010.
  • ^ "Notting Hill: Mandelson in good company". BBC News. 22 December 1998. Retrieved 17 February 2009.