Jump to content

Նապատ (Վանք)

ՆԱՊԱՏ վանք, Արցախի Շահումեան շրջանի Գիւլիստան գիւղէն ոչ հեռու, անտառի մէջ «ՆԱՊԱՏ» կոչուող տեղամասին մէջ եկեղեցի, որ կը կոչուի «ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ» վանք:

Մռաւ լերան լանջին գտնուող այս եկեղեցին կ'ենթադրուի, որ անցեալին կոչուած է Հնապատ կամ Անապատ[1]:

Անիկա եռանաւ պազիլիք եկեղեցի մըն է, կառուցուած 1641-ին, կիսամշակուած եւ խնամքով յղկուած քարերով, շարուած կրաշաղախով: Սիւները կլոր են, ամբողջական քարերէ: Թաղածածկ է, ծածկասալերը խնամքով մշակուած են: Եկեղեցին կանգուն ու ամբողջական է, սակայն երկար ատեն անխնամ մնալուն պատճառով, բաւական վնասուած է եւ ունի քայքայուած հատուածներ:

Եկեղեցիէն ոչ հեռու կանգուն է մատուռը, որ փոքրիկ գեղեցիկ կառոյց մըն է, շարուած կիսամաշուած քարերով ու կրաշաշախով[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]