Jump to content

Նայրոպի

Բնակավայր
Նայրոպի
սուահիլի՝ Nairobi
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Քենիա[1]
Sakaja Johnson?[2]
Հիմնադրուած է՝ 1899
Տարածութիւն 696 քմ²
ԲԾՄ 1661 մեթր
Բնակչութիւն 5 545 000 մարդ (2016)[3]
Ժամային գօտի UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 020
Փոստային ցուցանիշ 00100
Պաշտօնական կայքէջ nairobi.go.ke

Նայրոպի, մայրաքաղաք եւ ամէնամեծ քաղաքը Քենիայի։ Անուան ծագումը կու գայ Մասայ լեզուի «Էնքարէ Նայրոպի» ասացուածքէն, որ կը թարգմանուի «պաղ ջուրերու տեղ», ի նկատի ունենալով Նայրոպի գետը, որ կ՚անցնի քաղաքին մէջէն։ Քաղաքը ունի 4,397,073 բնակիչ ըստ 2019ի հաշուարկներու։[4]

Նայրոպին ունի Քենիոյ խորհրդարանի շէնքերը եւ հազարաւոր առեւտրային եւ յայտնի միջազգային կազմակերպութիւններ, ինչպէս ՄԱԿի Բնութեան Ծրագիրը եւ ՄԱԿի Նայրոպի Գրասենեակը։ Նայրոպին ճանչցուած կեդրոն մըն է առեւտուրի ու մշակոյթի։ Նայրոպիի Արժեթուղթի Պուրսը (ՆԱՊ) ամէնէն մեծ եւ երկրորդ ամէնէն հինն է Ափրիկէի։ Քաղաքը նաեւ կը ներառէ Նայրոպի Ազգային Այգին։ Նայրոպին միացաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Միջազգային Սորվող Քաղաքներու Ցանկին 2010 թուականին։

Նախկինին, ներկայիս քաղաքին տեղը գտնուող վայրը անմարդաբնակ ճահիճներ էին։ 1899 թուականին հոս կառուցուեցաւ Ուկանտայի երկաթուղային գիծը մատակարարող կայան մը, որ շուտով դարձաւ երկաթուղային գիծին շտապ կայանը)։

Քաղաքը իր անունը ստացաւ Ewaso Nyirobi (Էվասօ Նայրոպի) ջրամբարին անունէն, որը Մասայերէն լեզուէն թարգմանուելով կը նշանակէ «զով ջուր»։

1990 թուականին քաղաքին մէջ ժանտախտի համաճարակ մը սկսաւ, որուն հետեւանքով քաղաքը ամբողջութեամբ վերակառուցուեցաւ, քանի որ հին քաղաքը ստիպուած էին ամբողջովին այրել։

Տարի Բնակչութիւն
2009 3 138 369 մարդ
2010 3 240 155 մարդ [6]
2016 5 545 000 մարդ [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]