Jump to content

Նահատակաց եկեղեցի (Հալէպ)

Նահատակաց եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
Նահանգ Հալէպ
Ներկայ վիճակ գործող
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Նահատակաց եկեղեցի, հայ աւետարանական եկեղեցի է, որ կը գտնուի Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ[1]։

Եկեղեցւոյ ծագման պատմութիւնը սկսած է 1865 թուականին, երբ Թուրքիոյ Այնթապ քաղաքին մէջ հայ աւետարանական Քայաջիկ եկեղեցւոյ միաբանութիւնը որոշած է բաժանուիլ երկու խումբի։ Անոնք, որոնք համաձայնած են տեղափոխուիլ, քաղաքի Հայիկ թաղամասին մէջ հիմնած են երկրորդ եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ առաջին հովիւը եղած է Կարա Գրիգոր Յարութիւնեանը, որ եկեղեցւոյն ծառայած է մինչեւ իր մահը՝ 1907 թուականը[2]։ Եկեղեցւոյ մէջ այդ տարիներուն գործած է տարրական եւ միջնակարգ վարժարան, որ հիմնադիր բարերար Ատուր Նիզիբլեանի պատուին կոչուած է Նիզիբլեան վարժարան։ Քանի մը հոգեւորականներ ստանձնած են եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը մինչեւ 1921 թուականը, երբ քեմալական կառավարութեան ռասիստական քաղաքականութեան շրջանակներուն Այնթապի ողջ հայութիւնը հարկադրուած հեռացուած է քաղաքէն[3]։

1931 թուականին նախկին Հայիկ թաղամասի եկեղեցւոյ տասնեօթ անդամներ համախմբուած են եւ հիմնած Հալէպի մէջ Նահատակաց եկեղեցին։ Անունը ընտրուած է ի յիշատակ Օսմանեան վարչակարգի օրօք՝ 1914-1918 թուականներուն, իրենց կեանքը կորսնցուցած հայ նայատակներուն։

Եկեղեցւոյ առաջին հովիւը եղած է է Յակոբ քահանայ Չաքմաքճեանը։ Միաբանութիւնը սկիզբը հաւաքուած է Սալիպէի քրիստոնէական թաղամասին մօտ գտնուող հին բակի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած է վարձով շէնք, որ այն ժամանակ յայտնի էր որպէս Սուլէյմանիէ փողոցին վրայ գտնուող Հայկական Կարմիր Խաչի շէնք։ 1965 թուականին եկեղեցւոյ վարչութիւնը որոշած է կալուածք գնել Սուլմանիէ թաղամասին մէջ, որպէսզի կառուցէ իր մշտական սրբավայրը։ Եկեղեցին իր հիմնադրման պահէն մեծ դեր խաղացած է հայերու քրիստոնէական, բարոյական եւ ազգային կերպարի ձեւաւորման գործին մէջ։ Եկեղեցւոյ կից կայ երիցատուն, կը գործեն «Լեւոնեան» սրահը եւ կիրակնօրեայ դպրոց։

Հալէպի հրթիռակոծութիւններուա պատճառով որոշ չափով վնասուած է նաեւ Նահատակաց եկեղեցին[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հալեպի հայկական եկեղեցիները՝ առաքելական, կաթոլիկ, ավետարանական․ ֆոտոշարք»։ CIVILNET (hy-AM)։ 2022-01-31։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  2. «Wayback Machine»։ web.archive.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-30-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  3. 3,0 3,1 «ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ը. ՄԱՍ)»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2017-12-15։ արտագրուած է՝ 2022-07-04