Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան (խմբագիր)
Առաջարկուած է այս եւ Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան յօդուածները իրար միացնել: (քննարկում) |
Յովհաննէս Տէր Պէտրոսեան (1931 Գահիրէ – 2012), ճարտարապետ եւ խմբագիր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Գահիրէ 18 Յունուար 1931-ին: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Նուպարեան Ազգային Վարժարանին մէջ ու աւարտած է 1947-ին: Երկրորդական ուսումը շարունակած է ծննդավայրի Սենթ Օսթընզ անգլիական գոլէճ: Դպրոցական վերջին տարին նիւթական պատճառներով կը պարտադրուի ձգել գոլէճը եւ կը լծուի՛ շուկայական աշխատանքի:
Պաշտօնավարած է յայտնի անգլիացի ճարտարապետ August Killingbec ընկերութեան մօտ շատ համեստ աշխատավարձով, սակայն տարի մը յետոյ ընկերութեան սեփականատերը կր թելաղրէ շարունակել ուսումը, զայն արձանագրելով Գահիրէի British Councilի կրթական բաժնին, որպէսզի հետեւի matriculation դասընթացներուն: ՏարիԷ մը աւարտելով կը վկայուի ու կ՚ընդունուի Գահիրէի The British Institute of Engineering Technologies կրթարանը: Երկու տարի յետոյ. ստացած ուսումնարանի փաստաթուղթով. կը յաջողի հեռակադրութեամբ հետեւիլ Լոնտոնի International Correspondence Տcհօօlsի մասնագիտական դասընթացներուն: 1961 ին Լոնտոնէն կը ստանայ մասնագիտութեան վկայականը:
Ստեղծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բախտը կ՚ունենայ գործակցելու եգիպտացի ծանօթ ճարտարապետի մը հետ. միաժամանակ ընդառաջելով Արեւ Օրաթերթի վարչութեան առաջարկին, կ՚աշխատակցի յօդուածագրութեամբ եւ շարուած յօդուածներու փորձերու սրբագրութեամբ (1963-1990): Գահիրէի Ագգային Իշխանութեան Գործադիր ժողովի առաջարկով, 1970ականներէն. մինչեւ 1982. տեղւոյն Նուպարեան Ագգ. վարժարանի պատրաստական եւ երկրորդական կարգերու աշակերտութեան. սիրայօժար կը դասաւանդէ հայոց պատմութիւն, իբրեւ այցելու ուսուցիչ: Միաժամանակ, կը ստանձնէ Գահիրէի Ազգ. Իշխանութեան ենթակայ յանձնաժողովներու ատենադպրութիւնը, մինչեւ 1978: 1990-2003 կը վարէ Արեւ խմբագիրի պաշտօնը: Աշխատակցած է նաեւ Գահիրէի Ջահակիր, Սաւառնակ եւ Աղեթսանդրիոյ Արաքս շաբաթաթերթերուն: Մերթընդմերթ աշխատակցած է ԱՄՆ-ի Պայքար. Նոր Օր եւ Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթերուն: Օգտուած է ծանօթ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեանի հմտութենէն: Յետ պատմաբանի մահուան. գործակցած է Ջահակիր Շաբաթաթերթի խմբագիր Հայկ ժամկոչեանին, նոյն թերթի հիմնադիր բանաստեղծ Արշամ եւ անոր եղբօր արձակագիր Հրանդ Տատրեաններու հետ: Ալպօյաճեան իրեն կը յանձնարարէ պատմաբանասիրական նիւթերու շուրջ յօդուածներ գրել Արեւ, Արաքս եւ Պայքար պարբերականներուն համար: Յետագային այդ յօդուածները վերամշակման ենթարկուելով կը դառնան արժէքաւոր հատորներ: 1975-ին կր հրատարակուի Տէր-Պետրոսեանի «Ճէյմս Պրայս Եւ Հայերը» հատորը, 1976-ին Հայերու Սատարը Թուրք Մշակոյթին եւ Տնտեսութեաև Այնուհետեւ լոյս կը տեսնէ անոր Ապրումներ Մայր Հողին Վրայ հատորը (1980). ուր ամփոփուած են իր տպաւորութիւնները 1979-ին որպէս Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Նախարարութեան եւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի ԿոմիտԷի կազմակերպած ուսուցիչներ մէկամսեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից: Ունի եւ այլ հատորներ Կրթական Շարժումը Թրքահայոց Մէջ 1600-1900 ԹԹ. (1983), Հայ Ժողովուրդին Ազատագրական Պայքարը ԺԹ. Դարու Ա Կիսուն (1988), Արեւ Օրաթերթի Մատենագիտութիւն (Ա. Հտր., 1990), Մեր Յոյզերն Ու Յոյսերը (1995-ին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հրաւէրով Հայաստան երկրորդ այցելութեան առթիւ) եւ հուսկ՜ Հայ Ժողովուրդն Գոյամարտը. 1550-1930 եռահատոր (1997. 2002 եւ 2009) ուսումնասիրութիւնները: Երկար տարիներ ղեկավարած է ՀՄԸՄ-Նուպար մարզական ակումբի սկաուտական շարժումը, խմբապետի պարտականութիւններ վարած եւ արժանացած Քինկ Սկաուտ բարձրագոյն շքանշանին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԼԳ․,Պէյրութ, 2013, էջ։ 542