Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Պօղոսեան
Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Պօղոսեան' | |
---|---|
Ծնած է | 1896 |
Ծննդավայր | Պէյլան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
Ամուսին | Մարիձեան |
Ծնողներ | Յարութիւն եւ Եղիսաբէթ |
Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Պօղոսեան, Յարութիւնի եւ Եղիսաբէթի որդին՝ Յովհաննէս ծնած է Պէյլան, 1896-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգ. վարժարանը եւ ապա յաճախած է տաճկաց Րիւշտի վարժարանը, զոր աւարտած է 1914-ին։
1914-1915 ուսումնական տարեշրջանին, ուսուցչական պաշտօն վարած է Գանլը-Տէրէի վարժարանին մէջ։
1915-ի Մեծ Եղեռնին, Յովհաննէս իր հարադատներուն ու հայրենակիցներուն հետ կը տարգրուի դէպի անյայտ վայրեր, ուրկէ մաղապուրծ կ'աղատի ու վստահելի անձի մը քով կը զբաղի առեւսուրով։
Իր կեանքին ընկերը կ'ընտրէ պէյլանցի Կէպէնեան ընտանիքի դուստրը՝ Մարիձեան, որուն հետ կը պսակուի 1916-ին։ Սակայն երկու տարի ետք, 1918-ին, դժբախտութիւնը կ'ունենայ իր կինը կորսնցելու։ Կնոջ մահէն ետք կը փոխէ միջավայրը եւ կ'անցնի Երուսաղէմ՝ աշխատանքի նոր հորիզոներ փնտռելու։ Ճամբորդութեան ընթացքին, անծանօթներու կողմէ կը կողոպտուի ու այս պատճառոով կը կորսուին իր արժէքաւոր գիրքերն ու դպրոցական վկայականները։
Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Պօղոսեան քահանայագործութեան քաղցր լուծին տակ տարիներ ծառայելէ ետք կը մահուան Պէյրութի մէջ, 1970ական տարիներուն։
Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ'ունենան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրենակիցներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը աջահամբոյրով իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելէ ետք, մարմինը կ'ամփոթեն Ազգ. Գերեզմանատունը[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 184։