Jump to content

Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Էթմէքճեան

Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Էթմէքճեան
Ծնած է 1875
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 1950
Ազգութիւն հայ
Աշխատավայր քահանայ ապա վարդապետ

Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Էթմէքճեան (1875, Այնթապ-1950, Երուսաղէմ), Քահանայ ապա Վարդապետ։

Աւազանի անունով՝ Յարութիւն, ծնած է այնթապցի ծնողքէ, Այնթապի մէջ, 1875-ին։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Վարդանեան վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք չէ կրցած բարձրագոյն ուսում ստանալ նիւթական դժուարութեանց պատճառով։ Փոքր հասակէն հետեւած է արհեստի դառնալով հացագործ։ Ան մաս կազմած է եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ ծառայած անոր։

Ինքնաշխատութեամբ կր սորվի հայկական նօթաները եւ կը նուագէ հարմոնիք։ Կը ձեռնադրուի քահանայ։ Երեսուն տարիներ Հալէպի մէջ որպէս քահանայ ծառայելէ ետք Տէր Յովհաննէս կ՛որոշէ քահանայութենէն հրաժարիլ ու նուիրուիլ վանական կեանքին։ 1939-ին քոյր ու եղրայր, որոնք միասին կ՛ապրէին, իրենց որոշումը կր գործադրեն։ Բոլոր պատրաստութիւնները կ՛ընեն ու Վերջնականապէս կը տեղափոխուին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանք, ինք վարդապետանալու եւ քոյրն ալ սպասարկող մայրապետ դառնալու։

Տէր Յովհաննէս կ՛ըլլայ շուշտակ վարդապետ ու կր կոչուի Տէր Յովհաննէս վրդ. էթմէքճեան։ Ան կը դառնայ Երուսաղէմի միաբանութեան անդամ ու մինչեւ իր վախճանումը, իբրեւ վարդապետ կր ծառայէ վանքին։ Կը մահուան 7 Մարտ 1950-ինէ։ Իր մարմինը կ՛ամփոփուի տեղւոյն միաբաններու դամբարանը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 102։